«Թալիպան» ծայրայեղական շարժումը յայտարարեց, որ 31 Օգոստոսէն ետք ալ պիտի արտօնէ, որ քաղաքայիններ հեռանան Քապուլէն։ Այս մասին հաղորդեց ռուսական «Կազեթա» կայքը՝ յղում կատարելով շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահիտին, որ հաստատեց. «Մենք խնդիր չունինք խաղաղ բնակիչներու հետ»։
Ըստ անոր՝ Քապուլի նոր կառավարութիւնը բազաթիւ անգամներ զգուշացուցած է քաղաքի բնակիչները եւ ամերիկացիները, որ հեռացման աշխատանքը վտանգաւոր պիտի ըլլայ՝ յորդորդելով, որ իրենց հետ չտանին խաղաղ աֆղանները, որոնց չենք ստիպած հեռանալ երկիրէն։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն, յատկապէս Քապուլի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին անդրադառնալով՝ յայտնեց, որ անիկա պատճառ դարձաւ շարք մը ամերիկացիներու եւ քաղաքայիններու սպանութեան։ Ըստ անոր՝ ցարդ առաւել քան 100 հազար ամերիկացի եւ աֆղան քաղաքացիներ հեռացուեցան երկրէն, ինչ որ իր տեսակին մէջ թռիչքի ճամբով հեռացման մեծագոյն գործողութիւնն է։
Պայտըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մանրամասնութեամբ կը հետեւի Աֆղանիստանի կացութեան, որ հետզհետէ կը զարգանայ։
«Քապուլի մէջ այս յարձակումը գործողները գիտեն, որ մենք չենք ներեր ու չենք մոռնար, եւ զանոնք պիտի հետապնդենք, որպէսզի գինը վճարեն», յայտարարեց Պայտըն՝ նշելով, թէ կան տեղեկութիւններ այն մասին, որ «Իսլամական պետութիւնը»՝ Թալիպան շարժումի ոխերիմ թշնամին, Ամերիկայի դէմ յարձակումներ կը ծրագրէ։ Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրէ «յարմար պահուն հարուածելու «Իսլամական պետութեան», որ երբեք մեզ պիտի չընկրկէ»։
Պայտըն դիտել տուաւ, որ Աֆղանիստանի մէջ Թալիպան շարժումին հետ հասարակաց շահեր ունի Միացեալ Նահանգները, եւ գետնի վրայ չկայ տեղեկութիւն, թէ անոնց եւ «Իսլամական պետութեան» միջեւ մեղսակցութիւն կայ։