
Համայնքի երկար տարիներու ղեկավար եւ բարերար Սավի Թիւֆէնքեան մահացաւ Չորեքշաբթի օր։
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքին մէջ իւրայատուկ ուժ մըն էր Թիւֆէնքեան, որ ստանձնեց ղեկավարութիւնը բազմաթիւ ծրագիրներու՝ յօգուտ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին։
Յատկանշական կերպով, Սավին եւ անոր ամուսինը՝ Ռալֆը, եղան բարերարները Թիւֆէնքեան մանկամսուրին՝ վստահ ըլլալու համար, որ սերունդներ կը ստանան վաղ մանկութեան դաստիարակութիւն հայկակա՛ն միջավայրի մը մէջ։
Թիւֆէնքեան աշխոյժ զօրակից էր հայկական զանազան կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան եւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, նաեւ «Ասպարէզ» օրաթերթին։
«Ասպարէզ»ի տնօրէնութեան, խմբագրական կազմին եւ անձնակազմին կողմէ մեր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոր ամուսինին՝ Ռալֆին, զաւակներուն եւ բոլոր Թիւֆէնքեան, Շիրվանեան, Պետրոսեան Եւ Յակոբեան ընտանիքներուն։