Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ գերվարպետ Էլինա Դանիէլեան, որ առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովեց (7 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն):
Դանիէլեան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ժամանակաշրջանի առաջին ճատրակի հայ վերպետն է, որ կը դառնայ Եւրոպայի ախոյեան:
Տիրանալով տիտղոսին, Դանիէլեան ապահովեց նաեւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի մասնակցութեան իր տոմսը:
43 տարեկան Դանիէլեան վերջին հանգրուանի ճակատումներուն, ճերմակ քարերով մրցեցաւ Մայի Նարվայի դէմ (Էսթոնիա) եւ 40րդ շարժումին արձանագրեց իր յաղթանակը, մնալով անպարտ:
Յիշեցնենք, որ ան 2001ին հանդիսացած էր արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեան, 2003ին Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ հռչակուած էր Եւրոպայի ախոյեան, իսկ 2011ին՝ Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները՝ Աննա Սարգսեան՝ 5րդ, Մարիամ Մկրտչեան՝ 21րդ, Լիլիթ Մկրտչեան՝ 34րդ, Սուսաննա Գաբոյեան՝ 60րդ, Մարիա Գորգեան՝ 62րդ եւ Սիրանուշ Ղուկասեան՝ 88րդ: