ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

67 տարիներ առաջ 17 Օգոստոս, 1954ին, Փենսիվանիա քաղաքի մէջ մահկանացուն կնքեց Օսմանեան կայսրութեան բանակի հայազգի հրամանատար Սարգիս Թորոսեան, որ մինչեւ 1915 ռազմաճակատի վրայ ծառայած էր Թուրքիոյ Տարտանել նեղուցին մէջ, որպէս Օսմանեան բանակի հարիւրապետ։
Սարգիս Թորոսեան ծնած է 1891, Կեսարիա քաղաքի Տէվէլի (Էվերեկ) գիւղաքաղաքի մէջ։ Աւարտած է տեղի հայկական դպրոցը։ Այնուհետեւ ընդունուած է Ատրիանապոլսոյ (Էտիրնէ) Պետական ուսումնարանը:
1914ին Սարգիս կը ստանայ հրետանային տեղակալի կոչում եւ կ՛ուղարկուի Գերմանիա։ Թուրքիոյ՝ պատերազմի մէջ մտնելէն առաջ, Թորոսեան կը նշանակուի «Էրթուղրուլ» ռազմանաւի հրամանատար, որ կը պաշտպանէր Թուրքիոլ Տարտանելի նեղուցի մուտքը։
Հրամանատար Սարգիս Թորոսեանն առաջինն էր, որ 1915 թուականի սկիզբը ոչնչացուց բրիտանական ռազմանաւը՝ Տարտանելի ճակատամարտի ընթացքին։ 1915ին, երբ սկսաւ կայսրութեան հայ բնակչութեան տեղահանութիւնն ու կոտորածը, Սարգիս Թորոսեանի ընտանիքը, ծնողներն ու քոյրը եւս տեղահանուեցան։ Թորոսեան փորձեց իր ընտանիքի փրկութեան համար օգնութիւն ստանալ թուրք բարձրաստիճան զինուորականներէն, սակայն, բոլոր ջանքերն անպատասխան մնացին :

Սարգիս Թորոսեան մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր 1929ին հրատարակեց «Տարտանելէն Պաղեստին» անունով գիրք մը, ուր կու տայ ընդարձակ տեղեկութիւններ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան ռազմական անցուդարձներուն եւ ինչպէս նաեւ Մեծ Եղեռնի մասին:
Թորոսեան, իր խիզախութեան, ղեկավարելու բացառիկ ունակութեան եւ հմուտ հրամանատարութեան շնորհիւ, արժանացած է Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Օսմանեան կայսրութեան ու Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Պուլկարիոյ ռազմական բարձր պարգեւներուն։
Թորոսեան Փենսիլվանիա քաղաքը, ուր մահացած է 17 Օգոստոս 1954։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։