ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա պատասխանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն՝ դիտել տալով, որ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին զէնքի մատակարարումը անոր ինքնիշխան իրաւունքն է:
«Մենք շատ կը կարդանք եւ կը լսենք այդ մասին, բայց ես կ՛ուզէի ձեր ուշադրութեան յանձնել այն փաստը, որ մենք համապատասխան փոխյարաբերութիւններ հաստատած ենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ: Այս պարագային, ռուսական կողմը նկատի կ՛առնէ տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը», շեշտեց Զախարովա:
Ան աւելցուց, որ Ռուսիա Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ՝ կարելի եղածին չափ արագ վերացնելու մարդասիրական դաշտին մէջ բաժանարար գիծերը, փոխանակել ռազմագերիները՝ «Բոլորը բոլորին դիմաց» բանաձեւով եւ ականապատ դաշտերու քարտէսները՝ ամբողջ ծաւալով:
Նշենք, որ Իլհամ Ալիեւ «Սի.Էն.Էն. Թուրք» պատկերասփիւռի ալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին սանձարձակ յայտարարութիւն կատարեց՝ մեղադրելով Ռուսիան՝ իր ռազմավարական դաշնակիցին՝ Հայաստանին, զէնք մատակարարելու մէջ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ եւ, ի շարս այլ հարցերու, անոր հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
Էմանուէլ Մաքրոնի խնդրանքով, Փութին զեկուցեց 9 Նոյեմբեր 2020ին եւ 11 Յունուար 2021ին Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացման ընթացքին մասին:
Արձանագրուեցաւ, որ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայուն է, քայլերու կը ձեռնարկուին Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման եւ բնակչութեան մարդասիրական կարիքներու ապահովման ուղղութեամբ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման տարբեր տեսանկիւններու, առաջին հերթին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ծիրին մէջ հետագայ միացեալ աշխատանքի փոխադարձ տրամադրուածութիւնը: