ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 17 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 10:40ի շուրջ, հակառակորդի արձակած կրակոցներուն պատճառով հրկիզուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հարաւ-արեւմտեան սահմանին կից շուրջ 3 հեկտար մակերեսով հատուածի խոտածածկ տարածքը:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին՝ բռնկած հրդեհը մարելու նպատակով դէպքին վայրը մեկնեցաւ հրշէջ կառք մը, սակայն Ատրպէյճանի զինուժը կրակ բացաւ անոր ուղղութեամբ` խոչընդոտելով կրակը մարելու աշխատանքները:
Հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն հայկական կողմը կորուստներ չունի: Միջադէպին մասին տեղեկատուութիւն տրամադրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: