ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Դպրոցը էական հաստատութիւն մըն է որեւէ հաւաքականութեան կեանքին մէջ եւ կրթութիւնը գործօն դեր ունի արագ թաւալող այս աշխարհին մէջ: Կրթութիւնը ունի ուժ, որ աշխարհը կը դարձնէ աւելի լաւ վայր մը: Դպրոցը կը շարունակէ աշակերտը «ազատագրել» խաւարամտութեան բանտարկութենէն, անոր միտքին տալով սլացք, երեւակայութեան թռիչք, զայն հասցնելով հոգեմտաւոր աշխարհի ազատ ու լուսաւոր հորիզոններ: Իսկ հայ դպրոցը, ի մասնաւորի, ունի նաեւ յաւելեալ եւ ինքնուրոյն կարեւորութիւն. գիտութիւն ջամբելու գործին զուգահեռ, հայակերտումի իր առաքելութեամբ հայ դպրոցը կը մնայ մեր ինքնութեան ու հզօրութեան ամրոցը, որովհետեւ անոր ճամբով է, որ հայ աշակերտը հայօրէն կը կազմաւորուի:
Ներկայ պայմաններուն մէջ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն դարձած է մրցունակ դպրոց ունենալը, այլապէս թէ՛ դպրոցը, թէ՛ աշակերտը լաւագոյն պարագային տեղքայլ կ՛արձանագրեն, ինչ որ ետքայլի համազօր կը համարուի:
Վարժարանը, հետամուտ ըլլալով ապահովելու բարձրորակ կրթական մակարդակ՝ կ՛որդեգրէ WASC-ի (Western Association of Schools and Colleges) չափորոշիչները: Հոս հարկ է նշել, որ հակահամաճարակային սահմանափակումներու լոյսին տակ, երբ ամբողջ աշխարհը կ՛անցնէր հեռավար դասաւանդութեան հարթակ, Հայ Քոյրերու վարժարանը առաջին շաբաթէն իսկ մասնագիտական ոստում կատարեց դէպի առցանց դասաւանդութիւն, չընդհատելու համար դասաւանդութիւններու հեզասահ եւ անխափան ընթացքը: Համաճարակային առումով, Հայ Քոյրերու Քալիֆորնիոյ վարժարանը կը հանդիսանայ ապահով վայր մը յաճախող աշակերտներուն համար, իր ընդարձակ դասարաններով ու խաղավայրերով, որ միեւնոյն ժամանակ կը նպաստէ աշակերտին ֆիզիքական եւ մարզական կարողութիւնները զարգացնելու:
Հայ Քոյրերու Քալիֆորնիոյ վարժարանը՝ հաւատարիմ մնալով 175ամեայ Անարատ Յղութեան միաբանութեան աւանդին, ուսումնական նոր տարեշրջանի սկիզբը կը դիմաւորէ իր հին ու նոր աշակերտները, պատրաստելու համար ուսումնական գերազանցութեամբ, ստեղծագործ միտքով եւ կենցաղային հմտութիւններով օժտուած նոր սերունդ, որ պիտի հարստացնէ ու հզօրացնէ ամերիկահայ գաղութը:
Եւ որովհետեւ հայեցի դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ ազգային օրակարգերու կարեւորագոյններէն մէկը, Հայ Քոյրերու Քալիֆորնիոյ վարժարանը միաժամանակ յանձնառու կը մնայ կերտելու ազգային արժէքներով ու դաստիարակութեամբ կազմաւորուած հայը: Այսպիսով, անիկա կը հանդիսանայ ոչ թէ լոկ գիտութիւն ջամբող ուսումնարան մը, այլ՝ մարդ կերտող, հայուն հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւն տուող կրթօճախ մը, ուր կը տրամադրուի մայրենի լեզուին երկու թեւերը՝ արեւմտահայերէնը եւ արեւելահայերէնը, հնարաւորութիւն ստեղծելով իր յարկին տակ ընդունելու Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի բոլո՛ր հայորդիները: Հայեցի դաստիարակութեան կողքին թափ կը տրուի նաեւ հոգեւոր դաստիարակութեան, որ աշակերտներուն մօտ կը խթանէ քրիստոնէական արժանիքները եւ զանոնք աւելի կը զօրացնէ Աստուծոյ հաւատքին մէջ:
Ահաւասիկ այս յանձնառութեամբ, գիտակցութեամբ եւ պատրաստուածութեամբ կը դիմաւորենք կրթական նոր տարեշրջան մը: Մենք կը վերահաստատենք մեր վճռականութիւնը՝ Հայ Քոյրերու Քալիֆորնիոյ վարժարանը դարձնելու աւելի յաջողակ, աւելի բարգաւաճ, աւելի նպատակասլաց՝ ակադեմական, մշակութային, մարզական եւ այլ առումներով, նորահաս հայ սերունդներուն համար ըլլալով ժամանակակից յատկանիշներով օժտուած հայաշունչ կրթօճախ մը:
Շուտով վերամուտ է: Ուրեմն, առկայ թէ հեռակայ, բարի եկաք Հայ Քոյրերու Քալիֆորնիոյ վարժարանը:
ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ, Քալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանի նորանշանակ փոխտնօրէնուհի