ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- 12էն 13 Օգոստոս լուսցող գիշերուան ընթացքին, Ժիպէյլի հայկական թաղամասը խափանարարութեան ենթարկուեցաւ եւ թաղամասին ցուցանակը քանդուեցաւ:
Ժիպէյլի հայութիւնը, շրջանի կոմիտէն, ինչպէս նաեւ տեղական պատասխանատուները եւ մամուլը խստօրէն դատապարտեցին այս քստմնելի արարքը ու պահանջեցին պատահարի ծալքերուն ամբողջական բացայայտումը:
Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին, որ ապահովական ուժերուն կողմէ պատասխանատուութեան կանչուին դէպքին հեղինակները` հաստատելով, որ այդ արարքը Ժիպէյլ քաղաքին քաղաքակիրթ եւ մշակութային դէմքը կ՛աղաւաղէ ու անապահովութեան եւ մտահոգութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէ: