ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 17 Օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 2:45էն սկսեալ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի, մասնաւորապէս` Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ վիրաւորելով Հայաստանի զինուած ուժերու ծառայող մը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնեցին, որ զինուորին կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Հայկական կողմին կատարած հակազդող գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդը ունի մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր: