
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 12 Օգոստոսի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցը եւ Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով կատարեց խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Սրբազան հօր ընկերակցեցան Սմբատ վրդ. Սապունճեան, Աշոտ աբղյ. Խաչատուրեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր շքախումբին հետ ընդունուեցաւ հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ալիս Իսայիի, հոգեւոր խնամատարութեան բաժինի տնօրէն Նելու Նետելիայի եւ առեւտրական բաժինի փոխնախագահ Ռամելա Մարգարեանի կողմէ, որոնք, իրենց կարգին, բարի գալուստի եւ բարեմաղթանքի խօսքեր արտասանեցի,ն ապա նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազանին հիւանդանոցին տուած իր պաշտօնական այս առաջին այցելութեան առիթով:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ առաջին հերթին բարձր գնահատեց «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի բոլոր նուիրեալները, որոնք բծախնդիր եւ հետեւողական ուշադրութիւն կը դարձնեն բոլոր հիւանդներուն, որոնք ապաքինում կը գտնեն նշեալ հիւանդանոցին մէջ: Այլ խօսքով՝ սրբազան հայրը «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցը ընդհանրապէս շրջանին եւ մասնաւորաբար Կլենտէյլ քաղաքին համար նկատեց առողջապահական ամէնէն կարեւոր կեդրոնններէն մէկը, ապա բոլոր հիւանդներուն համար աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ խնդրեց, որ «Քովիտ-19» համաճարակային ժահրը վերցնէ մարդկութեան կեանքէն եւ երկնային խաղաղութիւնը ամրօրէն հաստատէ բոլորիս կեանքին մէջ:
Նախքան խաղողի օրհնութիւնը կատարելը, սրբազան հայրը նշեց, որ խաղողը ընկալուած է՝ իբրեւ բերրիութեան, առատութեան խորհրդանիշ եւ դիտել տուաւ, որ Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, Աստուածածնայ Ս. Տօնին առիթով կ՛օրհնուի խաղողը, ապա ան յայտնեց, որ յոյս ունի, թէ ան որ այս օրհնուած խաղողէն ճաշակէ, խաղաղութիւն եւ առողջութիւն կը գտնէ իր հոգիին ու մարմինին մէջ: