
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Երբ գործազրկութենէ տառապող Թուրքիոյ մէջ ընկերային լարուածութեան նիւթ կը դառնան Սուրիայէն եկած փախստականներու գոյութիւնը, այժմ աֆղաններու զանգուածային գաղթ մը սկսած է երկրի արեւելեան սահմաններուն վրայ։ Իւրաքանչիւր օր, բազմանդամ խումբերով Իրանի սահմանէն ներս կը թափանցեն աֆղան գաղթականներ, որոնք 20-25 օրուան հետիոտն ճամբորդութենէ ետք կը հասնին Վան։ Ուշագրաւ է, որ անոնք ընդհանրապէս չեն հանդիպիր սահմանապահ զօրքերու արգելքին։ Այս ալ մտածել կու տայ, թէ այս նիւթին շուրջ իշխանութիւնը գաղտնի համաձայնութիւն մը կնքած է Ամերիկայի հետ, որ կը տենչայ այդ երկրէն ներս իրեն հետ գործակցող տարրերու անվտանգութիւնը ապահովել։