
ԹՈՔԻՕ.- Կիրակի, 8 Օգոստոսին, Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած 32րդ Ամառնային Ողիմպիական խաղերը յայտարարուեցան փակուած եւ նկատի ունենալով, որ յաջորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Փարիզի մէջ, վերջինիս քաղաքապետը՝ Անն Մարի Հիտալկօ ստացաւ ողիմպիականի դրօշակը:
Փակման հանդիսութեան Հայաստանի դրօշակակիրն էր ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, կռփամարտիկ Յովհաննէս Պաչքով:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կանանց ջրագնդակի (water polo) խումբը Շաբաթ օր, յաջորդական երրորդ անգամն ըլլալով՝ Ողիմպիական խաղերուն դարձեալ ոսկի մետալ շահեցաւ։ Խումբին գլխաւոր մարզիչը հայորդի Ադամ Գրիգորեանն է, որ խումբին ապահովեց այս պատիւը եւս: Ան 2009էն ի վեր կը վարէ իր այս պաշտօնը:
Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին 205 ազգային ողիմպիական կոմիտէներու ներկայացուցիչները 33 մարզաձեւերու մէջ պայքարեցան 339 մետալներու համար:
Մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ Միացեալ Նահանգները խաղերուն վերջին օրը շրջանցեց Չինաստանը: Ամերիկացիները տիրացան 39 ոսկի, 41 արծաթ եւ 33 պրոնզ մետալներու, մինչ չինացիք՝ 38 ոսկի, 32 արծաթ եւ 18 պրոնզ մետալներու: Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց հիւրընկալ երկիրը՝ Ճափոնը (27 ոսկի, 14 արծաթ եւ 17 պրոնզ):