ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյէսուս նշեց, որ հակառակ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումներուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն, մարդկութիւնը կը շարունակէ իսկական վտանգ մը դիմագրաւել:
«Շնորհիւ մրցանշային կարճ ժամանակի մէջ պատուաստներ պատրաստելնուս, մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք: Սակայն այժմ աշխարհը իսկական վտանգ մը կը դիմագրաւէ, եւ նախապէս մեր արձանագրած բազմաթիւ յաջողութիւններուն կրնայ վերջ տրուիլ», նշեց ան:
Ան ըսաւ, որ վարակուածներու թիւերու բարձրանալուն պատճառը մարդոց՝ ընկերային հեռաւորութեան սահմանափակումները յարգելէ հրաժարիլն է, առողջապահական խնամքի մարմիններու անբաւարար քայլերը եւ պատուաստի ցրուումի անհաւասար ըլլալը: Ան յիշեցուց, որ պատուաստանիւթերուն առաւել քան 80 տոկոսը բարձր եւ միջին եկամուտով երկիրներուն մէջ կատարուած է:
Ան նախապէս կոչ ուղղած էր՝ սառեցնելու յաւելեալ պատուաստումը, նկատի ունենալով, որ կան երկիրներ, որոնց պատուաստուած բնակիչներուն համեմատութիւնը բաւարար չէ:
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը առնուազն 203 միլիոնի հասած է, իսկ մահացողներունը՝ 4.3 միլիոնի:
Միացեալ Նահանգներու մէջ, վարակումերուն գրեթէ բոլորը ներկայիս «Տելթա» տարբերակին կը վերագրուի եւ վարակուողներուն օրական թիւը դարձեալ 100,000ի սահմանը սկսած է անցնիլ։