ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Ամէն օր 4 Օգոստոս է Լիբանանի մէջ:
Պարտադիր չէ 4 Օգոստոս մը, որ Լիբանան տառապի:
Մէկուկէս տարի է, որ Լիբանան կը շարունակէ կանգնիլ տխուր իրավիճակի մը եւ խորացող տնտեսական, ֆինանսական եւ քաղաքական ճգնաժամի մը առջեւ:
Համաշխարհային դրամատան տուեալներով՝ այս իրավիճակը սարսափելի է եւ կրնայ դասուիլ 1800 թուականներու կէսերէն ի վեր աշխարհի երեք ամէնէն վատ ճգնաժամերէն մէկը:
Ի՞նչ պիտի նշանակէ փլուզում եւ ի՞նչ ձեւ պիտի ունենայ անիկա. հարցեր, որոնք կը սաստկացնեն մեր ամէնէն սարսափելի երեւակայութիւնը:
Երկարատեւ տառապանքի եւ հորիզոնի վրայ առանց տեսանելի աւարտի, անհատներ, ընտանիքներ, կրթական հաստատութիւններ եւ առեւտրական կեդրոններ կը պայքարին գոյատեւելու: Օրերը կը սպառին դեղորայքի, վառելանիւթի, առանց չափազանցութեան նոյնիսկ աղբամաններու մէջ պեղուած սնունդի եւ այլ տարրական կարիքներու որոնումներով, որոնք սակած են օրէ օր աւելի անհնար դառնալ: Առաւե՛լ, երեկտրական հոսանքի ամէնօրեայ անջատումներ, որոնք կը տեւեն ժամեր:
2020ին, Աւետարանչականի շտապ օգնութիւնը կը շարունակէ օրհնութիւն դառնալ մեր ժողովուրդի զանազան խաւերուն մէջ մինչեւ այսօր՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, Պէյրութի եւ Հալէպի կրթական խորհուրդներու եւ Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբերու համագործակցութեամբ:
Կարիքը սակայն անսպառ է:
Մեծագոյն զոհը կը շարունակէ մնալ Յոյսը:
Արժանապատուութեան հարց է:
Սփիւռքահայու արժանապատուութեան կենդանութեան:
Կարելի՞ է զոհաբերել Լիբանանահայու արժանապատուութիւնը:
Սփիւռքը եւ հայրենիքը պէտք է անյապաղ ստեղծեն արտակարգ վիճակի մէջ գտնուող սփիւռքահայ գաղութներու անվտանգութեան, ապահովութեան եւ տուն դարձը սերտող եւ մշակող ռազմավարութիւն մը: Բաւ է արտակարգ վիճակի մէջ գտնուող սփիւռքեան գաղութներու խաչելութիւնը եւ մարտիրոսացումը:
Մինչ այդ, ամէն միջոց եւ ծրագիր պէտք է որդեգրել՝ այս ամէնէն սարսափելի իրավիճակը փրկելու համար:
Գործենք ա՛յսօր: Ձեր նուիրատուութիւնները անյապաղ պիտի վերածուին Աստուածատուր օգնութեան եւ բաց պահեն գոյատեւման ուղին:
Կացութիւնը թաւաlգլոր կը շարունակէ վատթարանալ:
Յոյս ներշնչէ լիբանանահայ եղբօրդ:
Արժանապատուութեան հարց է:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ, գործադիր տնօրէն՝ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան