Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեանները իրենց զաւակներուն՝ Սանտրային եւ Կրեկին հետ
Ձախէն աջ՝ Մարթին Մաքարեան, Քրիսթինա Շիրանեան եւ Նարեկ Տատուրեան
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 2021-2022 կրթական տարեշրջանի Ռիչըրտ Ռ. Թիւֆէնքեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամէն կրթանպաստներ ստացած են երեք համալսարանական ուսանոցներ:
Նշենք, որ 3000ական տոլարի կրթանպաստները կը տրամադրուին հայ ուսանողներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ վարկաւորուած համալսարանի մը մէջ առնուազն 3.0 վարկանիշ (Ճի.Փի.Էյ.) ապահոված են, նաեւ` նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին եւ հայ համայնքին մէջ գործօն դերակատարներ են: Այս տարի ներկայացուցած են 44 դիմումնագիրներ։
2021-2022 կրթական տարեշրջանի կրթանպաստները ստացողներն են․
– Մարթին Մաքարեան, որ 4րդ տարուան ուսանող է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ եւ կը մասնագիտանայ քաղաքական գիտութիւններու եւ համաշխարհային ուսմանց մէջ,
– Քրիսթինա Շիրանեան, որ 3րդ տարուան ուսանող է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ եւ կը մասնագիտանայ ընկերային քաղաքականութեան եւ հանրային սպասարկութեան մարզին մէջ,
– Նարեկ Տատուրեան, որ 3րդ տարուան ուսանող է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ եւ կը մասնագիտանայ համակարգչային գիտութիւններու մէջ։
Ռիչըրտ Ռ. Թիւֆէնքեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամը հաստատուած է Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեաններուն կողմէ՝ ի յիշատակ իրենց զաւակին: Թիւֆէնքեաններուն հաստատած 230,000 տոլարի հիմնադրամը 1991էն ի վեր առնուազն 503,000 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է հայ ուսանողներու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: Ներկայիս, հիմնադրամը տարեկան 14,000 տոլար կրթանպաստներ կը տրամադրէ, ներառեալ՝ Հայաստանի հանրային համալսարանները յաճախող 5 ուսանողներու տարեկան կրթաթոշակները:
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.aefweb.org կայքը: