ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պատերազմին ընթացքին զոհուած եւ անյայտ կորսուած նկատուող զինուորներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները 3 Օգոստոսին շարունակուեցան Ֆիզուլիի շրջանին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը:
Յայտնաբերուեցան 3 հայ զինուորներու աճիւնները: Ըստ նոյն աղբիւրին՝ 3 աճիւններն ալ ատրպէյճանական կողմը, ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան զօրակազմին միջնորդութեամբ, հայկական կողմին փոխանցեց Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ-Շեխեր համայնքներու հատուածին մէջ: