ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
ԵՐԵՒԱՆ.- 2 Օգոստոսին մեկնարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ութերորդ գումարման առաջին նստաշրջանը: Նոր կազմուած խորհրդարանին մէջ կան երեք քաղաքական ուժեր՝ «Իմ Քայլը», «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» դաշինքները:
Օրակարգի հարցերն էին Ազգային ժողովի նախագահի, փոխնախագահներու, յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան հարցը եւ այլ հարցեր: Խորհրդարանը ունի 107 պատգամաւոր, որմէ 71ը՝ իշխանական:
Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորները, ի նշան բողոքի, առաջին նիստին ներկայացան՝ Սիւնիքի ազատազրկուած համայնքապետերու նկարներով շապիկներով։
«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան նիստին ընթացքին վիճարկեց, որ արտառոց վիճակ կը տիրէ, կարելի չէ Ազգային ժողովի այսպիսի գումարում, երբ երկու պատգամաւոր պաշտօնակիցներ բանտառկուած են ազատութենէ զրկուած եւ անոնք իրենց կամքին հակառակ չեն կրնար մասնակցիլ Ազգային ժողովի նիստերուն, ամբողջութեամբ իրականացնել իրենց լիազօրութիւնները։
«Եթէ մենք համարում ենք, որ ոչինչ չի եղել, այսպէս հանգիստ կարելի է սկսել, անցնել օրակարգին ու անտեսել այս ամէնը, ապա այս սկզբով մենք լաւ տեղ չենք հասնի։ Մենք իրաւունք չունենք կանոնակարգի կոպիտ ոտնահարմամբ, խախտումով գնալ առաջ։ Մեր աչքի առաջ ամենաթողութիւն է տեղի ունեցել։ Անձեռնմխելիութիւնը շրջանցելով, Ազգային ժողովը անտեսելով՝ մեր երկու պատգամաւորները գտնւում են կալանքի տակ։ Սա ոչ միայն ոտնձգութիւն է այդ պատգամաւորների լիազօրութիւնների նկատմամբ, այլեւ անարգանք է Ազգային ժողովի նկատմամբ», յայտարարեց ան։

«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան՝ ներկայացնելով խմբակցութեան կողմէ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած Մխիթար Զաքարեանի կենսագրականը՝ ըսաւ. «Մենք հետեւողականօրէն պայաքարելու ենք մեր ընկերների ազատութեան համար։ Մենք գործ ունենք մի անձի հետ, ով 44օրեայ դաւադիր պատերազմի առաջին օրուանից կանգնած է եղել սահմաններում, հայրենիքի պաշտպանութեան առաջին գծում։ Քիչ առաջ ականատես եղանք, որ խախտուեց ընտրելու իրաւունքը, Մխիթար Զաքարեանի եւ Արթուր Սարգսեանի ընտրելու իրաւունքը խախտուեց. այն քաղաքական մեծամասնութիւնը, որ տեղի անտեղի, գիշեր-ցերեկ խօսում է ընտրական իրաւունքի ազատութեան մասին այսօր, իր իսկ վարքագծով, այս իրաւունքը ոտնակոխեց»։
Ութերորդ գումարման Ազգային ժողովը երկրորդ անգամ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրեց «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած Ալէն Սիմոնեանը, որ ստացաւ քուէարկութեան մասնակցող 71 պատգամաւորներուն ձայները։ Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չմասնակցեցան քուէարկութեան: Ձայներ չստացան «Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու, Մեղրիի քաղաքապետ Մխիթար Զաքարեան եւ «Պատիւ Ունեմ»ի թեկնածու, Սիսիանի քաղաքապետ Արթուր Սարգսեան, որոնք չէին մասնակցեր նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստին, որովհետեւ բանտարկուած են:
Նիստին ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ առաջնահերթութիւն նկատեց խոր եւ բազմաշերտ ճգնաժամէն դուրս գալու ելքեր գտնելը, որուն համար հիմնական է պառակտումը բացառելը, շեշտը նորընտիր Ազգային ժողովին տրուած հնարաւորութեան վրայ դնելը` մշակելու, իրականացնելու ապագային միտուած իրական եւ ռազմավարական ծրագիրներ։
Դիմելով խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ուժերուն` նախագահը ըսաւ. «Հայաստանի քաղաքացիներն ակնկալում են, որ կը գտնուեն առկայ խնդիրների լուծումները եւ կը դրսեւորուի կամք` Հայաստանն ուղղորդելու դէպի զարգացում, դէպի ապագայ: Այդ ապագան պէտք է կերտուի ուժեղ, հաւասարակշռուած եւ առաջադէմ պետութեան տեսլականի շուրջ: Ապագան առանձին վերցրած մեզնից որեւէ մէկի կամ առանձին կուսակցութեան շահերը չեն, ապագան մենք ենք` որպէս մէկ ամբողջութիւն` միաւորուած ընդհանուր պատմական յիշողութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր երեխաների, նաեւ նախնիների հանդէպ ունեցած պարտքով, որոնք դարեր շարունակ պայքարել են սեփական անկախ պետութիւն ունենալու համար: Մենք պարտաւոր ենք խորապէս գիտակցել եւ արժեւորել մեր պետականութեան առկայութեան փաստը»:
Սարգսեան շեշտեց, որ պէտք է ամէն ինչ ընել` պաշտպանելու եւ պահպանելու Հայաստանի պետականութիւնը: Ըստ անոր՝ եկած է ժամանակը ունենալու պետութիւն, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը կատարէ իր հիմնական գործառոյթները` սահմաններու եւ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովում, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջութեան պաշտպանութիւն, Արցախի հիմնահարցի արդար լուծում, տնտեսութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի զարգացում եւ այլն:
Սարգսեան շեշտեց, թէ անվտանգութեան գրաւականը միասնութիւնն է:
ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ

Ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան՝ որ պայման կը դնէ, թէ՝ «նորընտիր Ազգային ժողովի գործունէութեան նստաշրջանի սկիզբէն անմիջապէս ետք, Հանրապետութեան նախագահը պէտք է վարչապետ նշանակէ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան թեկնածուն…», նախագահին հրամանագիրով, Նիկոլ Փաշինեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Հրամանագիրը հրապարակուեցաւ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
Վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Ազգային ժողովի իշխող մեծամասնութիւն ունեցող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորողներուն կարգին էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ անոր գլխաւորած կառավարութեան գործունէութիւնը պիտի նպաստէ բարեկամական, ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, ապահեվութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։