ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ՏԱՐԻ ՄԸ ԵՏՔ
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր ընդվզումը արտայայտեց Cilicia TV-ին, 1 Օգոստոսին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք:
«Արդարութիւնը չի կրնար զոհը դառնալ քաղաքական նկատումներու ու անձնական հաշիւներու: Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար հեռու մնալ հաշուետուութենէ: Պատասխանատուները ժողովուրդին պէտք է հաշիւ տան՝ իրենց անպատասխանատու վերաբերումին համար: Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ո՛չ միայն պատճառ դարձաւ հսկայ քանդումներու ու բազմաթիւ զոհերու, այլ նաեւ յստակօրէն պարզեց կարգ մը պետական պատասխանատուներու անփոյթ ու անխիղճ վերաբերումը՝ իրենց վստահուած պաշտօններուն նկատմամբ: Ժողովուրդը հաշուետուութիւն ու արդարութիւն կը պահանջէ», իր խօսքին մէջ շեշտեց Արամ Ա.:
Յայտնենք, որ լիբանանահայութիւնը հրապարակային հանդիսութեամբ պիտի նշէ պայթումին տարելիցը, նաեւ պիտի մասնակցի 4 Օգոստոսին, նաւահանգիստին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին: