Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին՝ Երեքշաբթի, 27 Յուլիսին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 հերոսներու գործողութեան 38ամեակի ոգեկոչումը:
Նահատակներու յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն, այնուհետեւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեղեդի Թօփալեան, որ անդրադառնալով Լիզպոնի մէջ 1983ին տեղի ունեցած իրադարձութեան՝ ըսաւ, թէ պարզապէս ծրագիր մը չէր, այլ յեղափոխական բանակի գործողութիւն մը, որ մաս կը կազմէր Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին, կամքին, հաւատքին եւ կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդի յարատեւ վերելքի մէկ մեծ փաստը:
Բացման խօսքին յաջորդեց Լիզպոնի 5 հերոսներուն յիշատակին նուիրուած երգը. ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան՝ երգեցողութեան ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Կալի Գալուստեանի, Գետակ Այնթապլեանի եւ Սէրլի Ադամեանի:
Ապա, օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան, որ ըսաւ. «Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, Սփիւռքի հայութիւնը այլեւս յոյս չդրաւ խնդրագիրներու, բողոքներու եւ ցոյցերու վրայ, այլ մտածեց վերադառնալ իր յեղափոխական աւանդներուն եւ պարտադրել, որ Հայկական Հարցը դրուի օրակարգի վրայ եւ ստիպել մտածել արդարութեան մասին: Զինեալ պայքարի վերադարձով խանգարուեցաւ թշնամիին, ինչպէս նաեւ միջազգային պետութիւններուն հանգիստը, անոնք ստիպուած եղան հաշիւի նստելու այս ժողովուրդին պահանջներուն հետ. այս շարժումին փառաւոր պսակն է Լիզպոնի գործողութիւնը, որ ցնցեց քաղաքական շրջանակները»:
Անդրադառնալով անցեալ տարի Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրողութիւններուն ան ըսաւ, թէ ազգը կը գտնուի ճգնաժամի մէջ, յուսահատութիւնը համատարած կ՛ըլլայ եւ թշնամին առիթը օգտագործելով կը փորձէ թափանցել Հայաստանի սահմաններէն ներս, սակայն նայելով հայոց պատմութեան, հայութիւնը միշտ կրցած է դուրս գալ իր յուսահատ վիճակէն, շնորհիւ սրբազան խենթերուն:
Եսայի Հաւաթեան իր խօսքը աւարտելով՝ ըսաւ. «Եկէ՛ք ուխտենք, որ արժանի պիտի ըլլանք Լիզպոնի քաջերուն՝ այսօր, վաղը եւ յաւիտեան»:
Կոմիտէի խօսքին յաջորդեց ԼԵՄի մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամներուն կարճ ներկայացումը՝ Լիզպոնի 5 տղոց մասին:
Այնուհետեւ 5 պատանիներ` Վարանդ Այվազեան, Արսէն Տէր Ղուկասեան, Ռուբէն Քիւրտեան, Արինա Աբրահամեան եւ Արենի Այնթապլեան ներկայացուցին Լիզպոնի 5 տղոց խօսքերը, ապա հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Նշան Վարդանեան: ՀՅԴ ԼԵՄի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը յուշանուէրներ յանձնեց Լիզպոնի 5 հերոսներու՝ ձեռնարկին ներկայ ընտանիքներու անդամներուն:
Աւարտին, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր նաեւ «Վէրքերով լի» երգին երգեցողութեամբ վառուեցաւ «1983» թիւը խումբ մը ԼԵՄականներու ջահերով: