ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 29 Յուլիսին, Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ, Արցախի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հերմինէ Աւագեանի «Վազում Եմ, Սպասի՛ր…» գիրքի շնորհահանդէսը՝ ներկայութեան Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեանի ու Վահրամ Բալայեանի, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Մելանեա Բալայեանի, գրողներու եւ ընթերցասէրներու:
Գիրքի շնորհահանդէսին ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկան Արցախի գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեան, Վահրամ Բալայեան, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Ամալեա Գրիգորեան, երիտասարդ բանաստեղծ Սերգեյ Սաֆարեան, արձակագիր Վան Նովիկով, բանասիրական գիտութիւներու թեկնածու, դոցենտ, դասախօս Զարինէ Սարաջեանը, գրականագէտ Թամար Տօնապետեան ուղիղ կապով` Գանատայէն եւ գիրքի պատկերազարդումներու հեղինակ, նկարիչ Լիանա Քոչարեան:
Աւարտին գիրքի հեղինակ Հերմինէ Աւագեան շնորհակալութեան խօսք յղեց Արցախի գրողներու միութեան եւ ներկաներուն` նշելով, որ գնահատանքի իւրաքանչիւր խօսք, նախ եւ առաջ պատասխանատուութիւն է գրողին համար` դուն քեզի նկատմամբ, քու գործին նկատմամբ առաւել բծախնդիր վերաբերելու, նորը, գեղեցիկը ստեղծելու:
«Մի առիթով ինձ հարցրին` արդեօք ես յաջողա՞կ մարդ եմ: Ես պատասխանեցի. «Աստուած մի օր որոշել է, որ ես պէտք է լոյս աշխարհ գամ ու ես ծնուել եմ: Յետոյ նա որոշել է, որ ես պէտք է մեծանամ ու որդիներ լոյս աշխարհ բերեմ: Այդքանից յետոյ նա էլի ինձ լաւութիւն է արել` որոշելով, որ ես պէտք է գրքեր գրեմ: Հիմա ես ամենաքիչը երախտամոռ մարդ պէտք է լինեմ, եթէ ինձ յաջողակ մարդ չհամարեմ», իր խօսքին մէջ ըսաւ Հ. Աւագեան: