Ձախէն աջ՝ Արմինէ Յովհաննիսեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Մարալ Այնճարկոլեան
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- 24 Յուլիսին, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու ընտանեկան միութիւնը (ԻԸՄ) կազմակերպեց դրամահաւաք-ընթրիք մը՝ աջակցութեան ձեռք երկարելու համար Հայաստանի «Ընտանիք եւ համայնք» հասարակական կազմակերպութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին դրամահաւաքի գլխաւոր կազմակերպիչ Մարալ Այնճարկոլեան, «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեան եւ «Ընտանիք եւ համայնք» հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու համակարգող Արմինէ Յովհաննիսեան, որոնք ներկայացուցին «Ընտանիք եւ համայնք»ի գործունէութիւնը:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր ԻԸՄի ներկայացուցիչ Վահէ Չարխութեան, որ վարեց հարցում-պատասխանի բաժինը: Նաեւ խօսք առաւ երկարամեայ աջակից, փաստաբան Սոնա Արմէնեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց «Ընտանիք եւ համայնք»ի կարեւոր աշխատանքը, մասնաւորաբար՝ անապահով մանուկներու եւ անոնց ընտանիքներու ընկերական հարցերը լուծելու՝ անոր մեթոտներուն առանձնայատկութեան մասին:
Ձեռնարկին աւարտին, «Ընտանիք եւ համայնք»ի աշխատանքներուն համար յաջող դրամահաւաք մը կատարուեցաւ ու կազմակերպութեան մանուկներուն ձեռքերով պատրաստուած արուեստի գործեր նուիրուեցան ձեռնարկին ներկաներուն:
«Թուֆքնկեան» բարեգործական հիմննարկը «Ընտանիք եւ համայնք»ի հիմնադիր կազմակերպութիւններէն է: «Ընտանիք եւ համայնք»ը կը գործէ 2002էն ի վեր. անոր նպատակն է օգնել դժուար իրավիճակներու մէջ յայտնուած մանուկներուն, խոցելի ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք օտարուած են հասարակութիւնէն, աշխուժացնել եւ համախմբել համայնքը` դարձնելով զայն իր անդամներու օգնութեան եւ աջակցութեան աղբիւր: Կազմակերպութիւնը ունի 5 կեդրոններ Արմաւիրի մարզի՝ Մեծամօր եւ Արմաւիր, Տաւուշի` Իջեւան եւ Նոյեմբերեան եւ Շիրակի՝ Արթիկ, քաղաքներուն մէջ:
«Թուֆէնքեան»ի գործունէութեան աջակցելու համար այցելել https://tufenkianfoundation.networkforgood.com/ կայքը։