
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտ, Հայաստանի հարցերու հիմնական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ ու Ատրպէյճանի հարցերու հիմնական զեկուցող Ժելեանա Զովքօ հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ մը՝ դատապարտելով Պաքուի վերջին յայտարարութիւնները այսպէս կոչուած «արեւմտեան Զանգեզուր»ի վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի վկայակոչումը՝ իբրեւ ատրպէյճանական «նախնեաց երկիր»։
Անոնք նման յայտարարութիւններ համարեցին խիստ անպատասխանատու եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը վտանգող:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամները նաեւ իրենց ցաւակցութիւնները փոխանցեցին 28 Յուլիսին սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ զոհուած երեք հայ զինուորներու ընտանիքներուն՝ ընդգծելով․ «Այս նորագոյնն էր նախորդ ամիսներու միջադէպերէն եւ սադրանքներէն, որոնք սկսան 12 Մայիսին, Ատրպէյճանի զօրքերու հայկական տարածքը ներխուժելով: Պակաս մտահոգիչ չէ Նախիջեւանի սահմանին վերջերս տեղի ունեցած փոխհրաձգութիւնը, որուն հետեւանքով եւս հայ զինուոր մը զոհուեցաւ»:
Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյու Քլաար եւս կոչ ըրաւ Երեւանին եւ Պաքուին՝ բանակցութիւններու վերսկսելու՝ սահմանագծման շուրջ, այդ գծով կողմերուն աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնելով:
Highly appreciating European Reaction against Azerbaijan incursion
on Armenia soil. BUT, one main point which should be corrected
ASAP. CORRECT JUDGEMENT IN COURT HOUSES; 30 years SOAP
OPERA type RULINGS has been done 15,000 yearly total 450,000 or
more 90% based “who pays more will win the case”. Actually in front
of the Court House must be written: “COURT HOUSE, INSULT TO INJURY
RULING, WHO PAYS MORE WILL WIN”. At least there will be some honesty!!
IN CASE these 2 Court houses : Constitutional and Ordinary are not CLEANED
by servants of “Karabagh Committee and their BOSSES”, Armenia will “SINK
DAY AFTER DAY INTO JUSTICE MOVING SAND” and DIE STRANGLING IN
TOTAL INJUSTICE RULINGS, PEOPLE LOSING FATE & LEAVING COUNTRY.
IF WE WANT THIS “MURDER” STOPS, MUST THINK HOW TO CHANGE THIS
“BIG CANCER” COLLECTIVELY,BY LEVELS, FROM INSIDE AND OUTSIDE, FOR A FREE,
JUST, ARMENIA REBORN FROM INSIDE- OUTSIDE SLAVERY!!