ՄԱԿ.- Թուրքիոյ մէջ ապրող ույղուր, թուրքմէն եւ միջինասիացի գաղթականները կը ծառայեն իբրեւ արմատական իսլամական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամագրուելու զգալի «պահեստ»: «Ահվալ»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած զեկուցումին մէջ:
«Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Իտլիպ նահանգին մէջ, «Իսլամական պետութեան» անդամներ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ կարեւոր դարպաս», կը նշուի 22 էջնոց զեկուցումին մէջ, որ կ՛անդրադառնայ 2021ին ակնկալուող ահաբեկչական սպառնալիքներուն:
Ըստ զեկուցումին՝ «Իսլամական պետութեան» եւ «Քայիտա»ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւնները աշխուժօրէն կ՛աշխատին Թուրքիա բնակող թրքական ծագումով անձեր իրենց խումբերուն անդամագրելու ուղղութեամբ:
Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր կը վայելէ Սուրիա եւ Իրաք ուղեւորուող` «Իսլամական պետութեան» օտարերկրեայ զինեալներու երթուղիի համբաւը եւ կը մեղադրուի, որովհետեւ անիկա առաջնահերթ չէ նկատած այս կազմակերպութիւններէն եկող վտանգը: ««Իսլամական պետութիւն»ը իր եկամուտին համար յոյսը կը շարունակէ դնել Թուրքիա գտնուող «նիւթական-արհեստագիտական կեդրոններ»ուն վրայ», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան Յունուարի զեկուցումին մէջ:
Ըստ «Անգարա Կազեթեճիսի» կայքին՝ միայն Ապրիլին, Թուրքիա քաղաքացիութիւն շնորհած է «Իսլամական պետութեան» առնուազն 8 անդամներու: