ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ներկայիս, Արցախի մէջ կ՛ապրին առաւել քան 120 հազար հայեր. այս մասին յայտարարեց Լեռնային Ղարաբաղի աշխատանքի, ընկերային եւ գաղթականութեան հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան` արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն պնդումին, թէ այնտեղ ապրողներուն թիւը 25 հազար է:
Թանդիլեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իր տեղեկութեան հիմքը ընկերային եւ կրթական ծրագիրներու շահառուներու թիւն է. «Մենք այդ ծրագրերի միջոցով փաստացի տեղեկատուութիւն ենք ստանում, թէ քանի մարդ է բնակւում Արցախում. շատ պարզ է հաշուարկը»:
Ռուս խաղաղապահներուն` մարդատարներով Արցախ վերադարձածներուն թիւը Ալիեւի յայտարարած թիւին կրկնապատկին է։ Այս Յունուարին, օրինակ, Ռուսիոյ պաշտպանական գերատեսչութիւնը աւելի քան 50 հազար վերադարձած քաղաքացիներու մասին յայտարարեց:
«Ռուս մեր գործընկերների տուած տեղեկատուութիւնը 50 հազարից աւելիի մասին իրականում արտացոլում են միայն աւտոբուսներով Արցախ տեղափոխուող տեղահանուած մեր քաղաքացիների թիւը, այնինչ ակնյայտօրէն մեքենաներով տեղաշարժը պակաս չէ: Այդ տուեալները մենք ստանում ենք մեր ծրագրերի միջոցով փաստացի հաշուարկի հիման վրայ, հետեւաբար այստեղ ենթադրութիւնների տեղ անգամ չկայ: Եւ, այո՛, այս պահի դրութեամբ Արցախում բնակւում է շուրջ 115ից 120 հազարից աւելի քաղաքացի», ընդգծեց Թանդիլեան:
Իլհամ Ալիեւ վերջերս յայտարարած էր, որ Ղարաբաղի մէջ կը բնակին 25 հազար անձեր: Անդրադառնալով ռուս խաղաղապահներուն հրապարակած թիւերուն՝ ան ըսաւ, որ վերադառնալը չի նշանակեր մնալ այնտեղ: Ըստ Ալիեւի՝ իրենք զանազան թեքնիք միջոցներ, արբանեակ ունին ու գիտեն, թէ այնտեղ քանի ինքնաշարժ կայ, կը տեսնեն մարդոց տեղաշարժը: Ատրպէյճանի նախագահը անտրամաբանական նկատեց 25 հազար բնակիչներու համար կարգավիճակի հարցի քննարկումը:
Պատերազմի աւարտէն ի վեր Ալիեւ քանի մը անգամ յայտարարեց, որ ինք ղարաբաղեան հարցը փակուած կը նկատէ, մինչդեռ հայկական կողմը պարբերաբար կը բարձրացնէ Մինսքի խումբի ձեւաչափով բանակցութիւններու վերսկսման եւ Ղարաբաղի կարգավիճակը ճշդելու հարցերը:
Ըստ Մանէ Թանդիլեանի՝ Ալիեւի յայտարարութիւնը արցախահայութեան` հայրենիքի մէջ ապրելու կամքը նսեմացնելու անյաջող փորձ է եւ Ատրպէյճանի նախագահը անթաքոյց կը բացայայտէ` բնակիչներու թիւը նշանակութիւն ունի ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործին մէջ:
«Եթէ նկատում էք, Ալիեւը փորձում է այդ հարցը փակուած համարել նաեւ իր խօսքերի մէջ բացայայտելով, որ այն չի կարող փակուած լինել, քանի որ այնտեղ կան ապրող քաղաքացիներ: Եւ ահա արցախահայութիւնը իրենց կամքի, իրենց երկրում ապրելու, իրենց մեծ ցանկութեան եւ հաստատակամութեան շնորհիւ նաեւ իրենց պարտքն են հատուցում մեր զոհուած զինուորներին`ապրելով Արցախում, բնակուելով, տեղափոխուելով իրենց հայրենիք», ընդգծեց Մանէ Թանդիլեան:
Թանդիլեան կը յայտնէ, թէԱրցախի մէջ այժմ բնակարանաշինական ծրագիրներ կ՛իրականացուին. ընկերային ապահովութեան նախարարութիւնը, օրինակ, կ՛իրականացնէ քանի մը ծրագիրներ, որոնցմով գիւղերուն մէջ բնակիլ ուզողներուն համար կը վերանորոգուին կիսաքանդ տուները: «Նաեւ այդ ծրագրի շրջանակներում բազմաթիւ ընտանիքներ են վերադարձել եւ քաղաքներում այսօր` Մարտունի, Մարտակերտ, Ստեփանակերտ քաղաքաշինութիւն է ընթանում, նաեւ նոր բնակավայրեր են կառուցւում, լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներ են ընթանում Արցախում, եւ կառավարութիւնը յայտարարել է, որ երեք տարուայ ընթացքում պատրաստւում է մաքսիմալ ապահով տեղահանածների բնակարանային ապահովումը», նշեց Թանդիլեան:
Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւններուն անդրադարձաւ նաեւ Արցախի պետական նախարար, մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան` նշելով, որ Արցախի բնակչութեան թիւին վերաբերող իր պնդումով՝ Ալիեւ կը խոստովանի եւ կ՛ընդունի` Արցախի ճակատագիրը եւ ապագան կախեալ է ինքնին Արցախի բնակչութենէն, եւ կը փորձէ պարզունակ հնարքով կեղծել իրականութիւնը: