ԹԵՀՐԱՆ, «Իրնա».- Իրան պատրաստ է կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հարցին մէջ օգնելու Ատրպէյճանին, յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ:
Ան նաեւ ափսոսանք յայտնեց երեք հայ զինուորներու վիրաւորուելուն, ատրպէյճանցի զինուորի մը մահուան եւ փոխադարձ հրաձգութիւններուն վերաբերեալ:
Խաթիպզատէ կողմերուն զսպուածութեան կոչ ուղղեց՝ յայտարարելով երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային վէճերու խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան մասին: