Սոչիի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը՝ գերվարպետ Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2648 կէտ), 5րդ հանգրուանի ապահովեց իր տոմսը՝ պարտութեան մատնելով խրուաթ Անթէ Պրքիչը (2592), երբ երկու դասական մրցումներուն աւարտին 1.5-0.5 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ։
Երկրորդ դասական մրցումը 42րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ:
Առաջին դասական մրցումին, Մարտիրոսեան ճերմակ քարերով յաղթեց 48րդ շարժումին:
Նշենք, որ 3րդ հանգրուանի մրցումներուն Մարտիրոսեան պարտութեան մատնած էր Ատրպէյճանի ճատրակի հաւաքականի առաջատար, միջազգային դասաւորման 6րդ դիրքին վրայ գտնուող Շահրիար Մամետեարովը (2770):
5րդ հանգրուանի առաջին մրցումին, Մարտիրոսեան յաղթանակ մը արձանագրեց իրանցի Ամին Թապաթապայէի դէմ (2613):