ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ընկերային ցանցերու վռայ տարածուող լուրերը այն մասին, թէ Քաշաթաղի մէջ տեղակայուած մարտական դիրքերուն մէջ տեղի ունեցաւ փոխհրաձգութիւն հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Մարտունիի հատուածին մէջ, Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումներուն՝ հայկական դիրքերուն վրայ յարձակելու մասին տեղեկատուութիւնները:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը այս մասին տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Ինչպէս վերոնշեալ, այնպէս էլ արցախա-ադրբեջանական հակամարտ զօրքերի շփման գծի միւս հատուածներում շարունակում է պահպանուել յարաբերական կայուն իրադրութիւն»: