ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչի գրասենեակը 22 Յուլիսին տեղեկացուց, թէ նոյն օրը Ատրպէյճանի դէմ նոր վճիռ մը արձակուած է։
Վճիռը կը վերաբերի 2009էն 2011 (22 ամիս) Ատրպէյճանի զինուորներուն կողմէ խոշտանգուած եւ ապօրինաբար բանտարկած Ա. Բադալեանի գործին։ Վերջինս մոլորուելով յայտնուած էր ատրպէյճանական կողմը եւ ձերբակալուած:
Եւրոպական ատեանը Ատրպէյճանը դատապարտեց Ա. Բադալեանին 30,000 եուրօ վճարելու՝ իբրեւ վնասուց հատուցում:
Յատկանշական է, որ ներկայիս եւս այդ երկիրը կը շարունակէ խախտել իրաւունքները հայ գերիներուն եւ քաղաքացիներուն, որոնք կը պահուին ապօրինաբար: