ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) քարտուղար Արմէն Սմբատեան ներկայացուց Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու ընտրական ցանկերուն վրայ ընդգրկուած, սակայն ինքնաբացարկ յայտնած եւ հրաժարած թեկնածուներու անուններու վերջնական ցանկը:
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն՝ Լիլիթ Մակունց, Սուրէն Պապիկեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Նիկոլ Փաշինեան, Անահիտ Աւանեսեան, Ռոմանոս Պետրոսեան, Յովհաննէս Յարութիւնեան, Յակոբ Սիմիդեան, Գնել Սանոսեան, Համբարձում Մաթեւոսեան, Դիանա Գասպարեան, Դաւիթ Գէորգեան, Նարեկ Մկրտչեան, Արամ Խաչատրեան, Արարատ Միրզոյեան, Արմէն Փամբուխչեան եւ Արարատ Գրիգորեան։
«Հայաստան» դաշինքէն ինքնաբացարկ յայտարարեցին Ռոբերթ Քոչարեան, Մարիաննա Եփրեմեան եւ Ալեքսանդր Խաչատուրեան։
ԿԸՅ ինքնաբացարկի դիմում ներկայացնելու վերջնական ժամկէտը 21 Յուլիսի մինչեւ աշխատանքային օրուան աւարտն էր:
«Պատիւ ունեմ» դաշինքը յայտարարեց, որ պատգամաւորական աթոռները պիտի ստանձնէ։