ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 1931ին հաստատուած կաթողիկոսարանի մատենադարանը Արամ Ա. կաթողիկոսին անմիջական հսկողութեամբ եւ մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ վերակազմակերպման ընթացքի մէջ է։ Այս աշխատանքին նիւթապէս կ՛օժանդակէ կաթողիկոսարանի բարերարներէն մին։
Վեհափառ հայրապետը յաճախակի կերպով կ՚այցելէ մատենադարան՝ մօտէն հսկելու այդտեղ կատարուող աշխատանքներուն։
Յայտնենք, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մատենադարանին բացումը։