Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Մարալ Դաւիթեան կը նշանակուի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէն:

Դաւիթեան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2021-2022 տարեշրջանին, ղեկավարելու համար Հոլիվուտի մէջ յիսուն երկու տարիներէ ի վեր գործող ազգային մեր կրթական օճախը:
Դաւիթեան մեր ազգային կեանքին ու կազմակերպական առօրեային քաջատեղեակ անձնաւորութիւն մըն է: Մանաւանդ ազգային մեր վարժարանները Դաւիթեանի համար հարազատ օճախներ են եւ ի մասնաւորի՝ «Ալէք Փիլիպոս»ը, որուն յարկին տակ արդէն իր ծառայութիւնը կը մատուցէ:
Մարալ Դաւիթեան արժանաւոր արդիւնքն է ազգային մեր վարժարաններուն: Ան Ֆերահեան ազգային վարժարանին մէջ հասակ առած, հայ թրծուած եւ շրջանաւարտ դարձած է: Ապա հոգեբանութեան պսակաւոր արուեստի վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն, իսկ վարժարաններու եւ ամուսնական խորհրդատուութեան մագիստրոսականի տիտղոսը՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանէն: Ան սկսած է պաշտօնավարել Ալէք Փիլիպոս վարժարանին մէջ՝ իբրեւ աշակերտական խորհրդատու: Պաշտօնավարման տարիներուն ընթացքին, ան եղած է նաեւ երկրորդականի աշակերտներուն համալսարանական հարցերու խորհրդատու, ապա աշակերտական տեսուչ եւ վերջապէս օգնական տնօրէն: Ան իր պաշտօնավարման 13 տարիներուն ընթացքին ամբողջութեամբ նուիրուած է «Փիլիպոս»ի ընտանիքին եւ մեծ խանդավառութեամբ գործած է՝ իբրեւ տեսչարանի կազմակերպչական հարցերու պատասխանատու, ինչպէս նաեւ դասատու:
Անոր նկարագային յատկանիշները եւ երկարամեայ փորձառութիւնը զայն պատրաստած են՝ իբրեւ շրջահայեաց, բանիմաց, կարեկցող եւ ուղղամիտ հայ առաջնորդ:
«Մեծ ուրախութիւն է մեզի համար վկայել ազգային վարժարանի շրջանաւարտ եւ բանիմաց անձնաւորութեան մը, մէկ այլ ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելը, զայն ղեկավարելու համար այն ազգային սկզբունքներով, զորս ան իւրացուցած է մարդ եւ հայ կերտող մեր յարկերին տակ», կը յայտնէ Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան՝ աւելցնելով. «Մարալ Դաւիթեան քաջածանօթ է «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս»ին, նոյն ժամանակ անոր մասնագիտական որակը, նուիրումը եւ ղեկավարման հմտութիւնները, անկասկած, յարգանք կը պարտադրեն զինք շրջապատող պաշտօնէութեան եւ «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքին մօտ: Մենք վստահ ենք, որ Դաւիթեան այն ատակ ղեկավարն է, որ պիտի առաջնորդէ վարժարանը նոր յաջողութիւններու եւ նուաճումներու»:
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Մարալ Դաւիթեանը տնօրէնի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: Վստահ ենք, որ ան ձեռնհասօրէն պիտի վարէ իրեն վստահուած կրթական հաստատութեան ղեկը, նոյն ժամանակ ազգային բարձր գիտակցութեամբ, ջանասիրութեամբ եւ արդարամտութեամբ միշտ բարձր պիտի պահէ հայ ազգային վարժարանին վսեմ առաքելութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ