ԿԼԵՆՏԷՅԼ, ԳԻՒՄՐԻ.- Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի 5րդ տարեդարձը առիթ հանդիսացաւ նոր նախաձեռնութեան մը ծնունդին՝ տեղացի պատանիներու համար ցերեկային բանակումներուն։
Յիշեցնենք, որ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններու առատաձեռնութեան շնորհիւ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին ջանքերով հաստատուած «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարուած էր 11 Յուլիս 2016ին, 1988ի երկրաշարժէն վնասուած այդ կառոյցին մէջ իրականացուած նորոգութեան աշխատանքներուն ամբողջացումէն ետք:
Վերջին հինգ տարիներուն, կեդրոնը այդ շրջանի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար աշխոյժ գործունէութեան վայր հանդիսացաւ՝ կազմակերպելով անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներ. անիկա վերածուեցաւ մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայրի մը, նոյն ժամանակ նպաստելով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան սերտացման:
Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամէն կրթանպաստ ստացած ուսանողներուն կողմէ կազմակերպուած այս տարուան տասնօրեայ ցերեկային բանակումներուն առաջինը անցեալ շաբաթ աւարտեցաւ։ Անոր մասնակցեցան Գիւմրիէն 6-12 տարեկան 53 մանուկներ եւ պատանիներ։
Բանակումներուն մասնակցողները հաճելի խաղերու մասնակցելու կողքին հետեւեցան հայոց պատմութեան, անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգչային գիտելիքներու, մարդ-մեքենաներու կառուցման, երաժշտութեան, ճատրակի եւ պարի դասընթացքներու եւ ծանօթացան ազգային հերոսներու եւ պատմական կարեւոր իրադարձութիւններու, ինչպէս՝ Գարեգին Նժդեհին, Դրոյին, Սօսէ Մայրիկին, Սերոբ Աղբիւրին եւ «Նեմեսիս» գործողութեան։ Անոնք նաեւ քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Հարիճավանք։
20 Յուլիսին պիտի սկսի 2րդ բանակումը՝ 12էն 18 տարեկաններու համար։
Նշենք, որ կեդրոնը նաեւ կը գործածուի Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Երիտասարդական Ջոկատներ»ուն եւ ՀՄԸՄի Գիւմրիի «Մինաս Չերազ» մասնաճիւղին կողմէ եւ 44օրեայ պատերազմէն ետք դարձած էր նաեւ տեղահանուածներուն աջակցութիւն տրամադրելու կեդրոնի, իսկ «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը նաեւ կը տնօրինէ Մինա Շիրվանեանի յիշատակին հաստատուած կրթաթոշակի հիմնադրամը, որ Շիրակի մարզի ուսման մակարդակը բարձրացնելու հեռանկարով, նիւթական յատկացումներ կը կատարէ շրջանի համալսարանական ուսանողներու: Ցարդ 37 ուսանողներ ստացած են կրթանպաստներ ։ Այս նպատակին նուիրատուութիւն կատարել փափաքողները կրնան գումարը ուղարկել ACF Shirak Youth Center, 104, N. Belmont Avenue, Suite 300, Glendale, CA 91206 հասցէին, վճառելի՝ ACF-ին: