ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Մատաղիսի մէջ, 14 Յուլիսին կատարուած որոնողական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փրկարարները յայտնաբերեցին 3 աճիւններ: Յաւելեալ 4 զոհուած զինուորներու աճիւններ յայտնաբերուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Մարտունի շրջանին մէջ:
Այսպիսով, ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած եւ անհետ կորսուած նկատուող զինուորներու աճիւններու թիւը աւելցաւ յաւելեալ 7ով:
Նշենք, որ 13 Նոյեմբեր 2020էն ի վեր յայտնաբերուած եւ տարհանուած են 1611 աճիւններ: