ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ այցելեցին գերի տարուած հայերու: Հայաստանի մէջ կառոյցի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի «Լուրեր»ին յայտնեց, թէ իբրեւ չէզոք միջնորդ, կը շարունակեն պարբերական այցելութիւնները Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիներուն:
Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներուն վերաբերեալ վիճակագրական տուեալ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն չի հրապարակեր:
3 Յուլիսին, 15 հայ գերիներու վերադարձէն ետք, Ատրպէյճան այժմ կը հաստատէ 45 անձերու գերութեան փաստը:
ԿԽՄԿի ներկայացուցիչներու հերթական այցելութիւնը՝ գերի պահուած հայ անձերու, Ատրպէյճանի մէջ, տեղի ունեցած է Յունիսի վերջը եւ Յուլիսի սկիզբը:
«Յատկանշական է, որ այցերը տեղի են ունեցել այն անձանց, որոնց գերեվարումը պաշտօնապէս հաստատուել է Ադրբեջանի իշխանութիւնների կողմից: Այս այցերի շրջանակում եւս հնարաւորութիւն է տրուել բոլոր գերեվարուած հայերին տեսաուղերձներ ձայնագրել իրենց ընտանիքների համար, ինչպէս նաեւ կատարել հեռախօսազանգեր, օգտուել նաեւ նամակներ գրելու հնարաւորութիւնից», յայտնեց Զառա Ամատունի: