ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Թեհրան Թայմզ».- Սուրիոյ մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարեց, որ Վիեննայի մէջ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները կը վերաբերին միայն հիւլէական հարցին եւ պիտի չազդեն շրջանին մէջ Իրանի հետեւողական քաղաքականութեան վրայ:
Վիեննայի հիւլէական բանակցութիւններու 6րդ փուլը, որ ուղղուած է Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերականգնման, աւարտած է աւելի քան երկու շաբաթ առաջ, սակայն որոշ առանցքային հարցեր տակաւին չեն լուծուած: Իրանի գլխաւոր բանագնաց սէյիտ Ապպաս Արաքճի նշեց, որ պէտք է «լուրջ որոշումներ» տրուին` գործարքին շուրջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը վերականգնելու համար:
Ան նաեւ ըսաւ, որ այս ուղղութեամբ լուրջ որոշումները պէտք է տրուին բանակցութիւններուն կողմ հանդիսացող պետութիւններուն մէջ` բանակցութիւններու կողմերուն կոչ ուղղելով Իրանի հիւլէական համաձայնագիրի վերականգնման նպատակով լրջօրէն, իրատեսօրէն եւ վճռականօրէն դիմելու անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ նշեց, որ Իրանի պատուիրակութիւնը կը ձգտի կարելի եղածին չափ շուտ աւարտել բանակցութիւնները եւ վերցնել իրանցի ժողովուրդին նկատմամբ հաստատուած պատժամիջոցները:
Կ՛ակնկալուէր, որ Վիեննայի բանակցութիւնները վերսկսին անցեալ շաբաթ, սակայն անոնք յետաձգուեցան, երբ Իրան եւ Միացեալ Նահանգները բանակցութիւնները վերսկսելու համար անհրաժեշտ ճկունութիւն չցուցաբերելու յանցանքով զիրար մեղադրեցին: