ՄԵԾԱՐԵԱԼ ԱՄՈԼԸ 100,000 ՏՈԼԱՐ ՆՈՒԻՐԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ
Հինգշաբթի, 8 Յուլիս 2021ին, երեկոյեան ժամը 7ին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային վարչութեան տեղի ունեցաւ մեծարանքի յատուկ ձեռնարկ մը՝ ի պատիւ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեաններուն, Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց թեմին մէջ իրենց ծառայական բազմաթիւ տարիներու վաստակին իբրեւ գնահատանք, այլեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արեւմտեան թեմին ցուցաբերած իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեան, նաեւ մարդասիրական օգնութեան՝ ի Հայաստան, Լիբանան եւ այլ երկիրներ:
Մեծարանքի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։ Ներկայ եղան Եփրեմ արք. Թապագեան, հոգեւորականաց դասը, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Ազգային վարչութիւնը, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ մեծարեալին կողմէ հրաւիրեալներ:
Երեկոյին բացումը եւ բարի գալուստի խօսքը կատարեց Կրօնական ժողովի անդամ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան՝ դիտել տալով, որ Հայրապետական Ս. Աթոռի վեհաշնորհ գահակալ՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի որոշումն է տէր եւ տիկին Կարօ Էշկիեանին շնորհել «Կիլիկեան Իշխան» շքանշան, ապա հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որպէսզի օրհնէ սեղանները:
Ազգային վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետ Վահէ Յովակիմեան՝ լոյսին բերելով մեծարեալ զոյգին ծառայական վաստակը ոչ միայն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի գործունէութեան մէջ, այլեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, եկեղեցւոյ, հայ վարժարանին, Հայ Դատին, Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքի մեր գաղութներուն՝ իբրեւ ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ եւ մնայուն զօրակիցներ:
Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դեսպան դոկտ. Բայբուրդեան իր կարգին դրուատեց մեծարեալ ամոլին նիւթաբարոյական աջակցութիւնը Հայաստանին ու հայութեան, յիշեց հայրենեաց տագնապալի օրերէն մանրապատումներ՝ վեր առնելով Կարօ Էշկիեանի ձեռներէցութեան ոգին, ապա զայն կոչեց «մեծատառով մարդ»:
Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան
Երեկոն խանդավառեց Կրէկ Հօշարեան՝ դաշնամուրի վրայ նուագելով դասական մեղեդիներ:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան նախ բարձր գնահատեց Էշկիեան ամոլի ծառայական ոգին եւ դիտել տուաւ, որ ԱրեւմտեանԱմերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը գիտէ արժանաւորինս պատուել մեր համայնքի կեանքին մէջ իր լուման ներդրած, Հայ եկեղեցւոյ մէջ իր հաւատքը ամրագրած, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու հայ ազգի կեանքին եւ սփիւռքեան ազգային կառոյցներուն մէջ իր անսակարկ զօրակցութիւնը ցուցաբերած իւրաքանչիւր հայ մարդ: Այս առումով, սրբազան հայրը իր երախտիքը յայտնեց Ազգային առաջնորդարանի ղեկավարութիւնը ստանձնած բարձրաստիճան հոգեւորականներուն եւ բոլոր ազգաշէն նուիրեալներուն, որոնց շարքին՝ մեծարեալ Էշկիեան ամոլը՝ ըսելով, որ «Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին հետ միասնաբար գեղեցիկ մտածումը ունեցանք, որ այսօր, մեծարանքի այս ձեռնարկով հաւաքուինք ազգային այս կեդրոնին մէջ եւ ըսենք Էշկիեան զոյգին, որ անգամ մը եւս կը գնահատենք ձեզ, ձեր մատուցած բոլոր այն ծառայութիւններուն համար, որոնց շնորհիւ մենք ալ մեր կարգին ամբողջական ծառայութիւն կը բերենք մեր հայրենիքին, ազգին, Եկեղեցւոյ, համայնքի զաւակներուն եւ մեր շրջապատին. Կարոյին ու Սօսէին ընդմէջէն մեր դրուատանքի խօսքը կ՛ուղղենք նաեւ բոլոր այն նուիրեալ հոգիներուն, որոնցմէ շատեր այս երեկոյ մեզի հետ են»:
Ընտանիքի անդամներուն հետ Կարկանդակի հատում
Մեծարանքի երեկոն իր զենիթին հասաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարձրագոյն՝ «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանի տուչութեամբ. Եփրեմ արք. Թապագեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդակը, մինչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան շքանշանը մատուցեց առաջնորդ սրբազանին, որ աղօթքով զայն զետեղեց տիար Կարօ Էշկիեանի կուրծքին։
Արարողութեան աւարտին, մեծարեալ Կարօ Էշկիեան իր եւ իր տիկնոջ՝ Սօսէին, անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ սրբազան հօր, Եփրեմ արք. Թապագեանին, Ազգային վարչութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ հրաւիրեալներուն, ապա զգացուած ու յուզուած՝ հետեւեալ խօսքը ուղղեց ներկաներուն. «Այս շքանշանը ձեզի կը պատկանի: Այս շքանշանը կը պատկանի բոլոր այն ընկերներուս եւ գործընկերներուս, որոնք տարիներով հետս աշխատեցան եւ հաւատացին ինծի, որովհետեւ գերմարդ չենք կրնար ըլլալ մենք առանձինն, բայց խմբային աշխատանքով կրնանք անկարելին դարձնել կարելի»:

Ընթրիքի աւարտին Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, յանուն Կրօնական ժողովին՝ ներկայացուց իր սրտի խօսքը՝ շեշտելով Կարօ Էշկիեանի հաւատարմութիւնը՝ ազգի սրբազան ու մնայուն արժէքներուն նկատմամբ, ապա ընդգծեց մեծարեալին համեստութիւնը՝ այդ բոլոր արժէքները միշտ իրմէ վեր դասելով, անոնց սպասարկելուն մէջ իր ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար: Յետ իր սրտի խօսքին, ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որպէսզի փոխանցէ օրհնութեան խօսքը:
Երեկոն պայծառակերպուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ Անահիտ Ներսիսեանի:
Անցնող տասնամեակներուն, Կարօ Էշկիեան իր անսակարկ ծառայութիւնը բերած է լոսանճելըսահայութեան կեանքի բարգաւաճման գործընթացին: Ան եղած է Ազգային վարչութեան անդամ, ապա ատենապետ, ինչպէս նաեւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ, ապա ատենապետ եւ շրջանի Ազգային երեսփոխան:

Կարօ Էշկիեան եւ իր կողակիցը՝ Սօսէն, անցնող տարի հոգացին վերանորոգման ծախսերը կաթողիկոսարանի Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանին, եւ մինչեւ օրս կը ծառայեն հայ համայնքին՝ իբրեւ հասարակական գործիչներ, Արեւմտեան թեմին կամաւոր զինուորագրեալներ եւ ազգային բարերարներ: Պատիւն Արժանաւորաց:
Յայտնենք, որ Կարօ Էշկիեան, ի պատիւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, 100,000 տոլար նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին, այսպիսով հանդիսանալով 2022 թուականի առաջնորդ սրբազան հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքի անդրանիկ զօրակցողը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ