ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ մշակութային հիմնարկութեան կողմէ Կիրակի օր կազմակերպուած եւ հիմնարկութեան բարերարներուն ու զօրակցողներու գնահատանքին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին, ազգային բարերարներ եւ համայնքային գործիչներ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ յայտարարեցին, թէ 300,000 տոլար պիտի նուիրեն հիմնարկութեան, աջակցելու համար համայքնին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն։
Յիշեցնենք, որ հիմնարկութիւնը Մարտին յայտարարած էր, թէ համաճարակին հետեւանքով տեղի չունեցած իր տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկին բացը գոցելու համար, կարելի եղած էր 300,000 տոլարի նուիրատուութիւններ հանգանակել իր հովանաւորներէն եւ համակիրներէն։
Կիրակի օրուան ձեռնարկը ի մի բերաւ մօտաւորապէս 150 համակիրներ Glenmark պանդոկի Mila Rooftop սրահին մէջ։
Հաւաքին ընթացքին, Վարանդ Մելքոնեան դրուատեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան նուիրումը կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու եւ յայտարարեց, թէ 2020ի դրամահաւաքի կոչէն ետք կատարուած 100,000 տոլարի նուէրին կողքին, ինք եւ Հուրին 300,000 տոլար եւս պիտի նուիրեն։
Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները բարերարութեան եւ համայնքային գործունէութեան երկար տարիներու պատմութիւն ունին համայնքին մէջ, յատկապէս Հայ Դատին, ՀՄԸՄին եւ Ազգային առաջնորդարանին ճամբով։ Անոնք զօրակցած են շարք մը համայնքային կեդրոններու, առ այդ, Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ կեդրոնը կը կոչուի «Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» Երիտասարդական կեդրոն՝ ի յիշատակ Վարանդի ծնողքին, իսկ Փասատինայի Հայ կեդրոնը՝ «Յովհաննէս Եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան» Երիտասարդական կեդրոն՝ ի պատիւ Հուրիի ծնողքին։ Նաեւ, Պըրպենքի Հայ կեդոնին մէջ կայ «Մելքոնեան» սրահը։
Գնահատանքի ձեռնարկին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Էլօ Պոյաճեան, որմէ ետք Հայ մշակութային հիմնարկութեան վարչութեան ատենապետ Աւետիք Իզմիրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկութեան հարիւրաւոր զօրակիցներուն եւ խօսեցաւ նախորդող մէկ տարուան աշխատանքներուն մասին, որոնց միջոցաւ հիմնարկութիւնը օժանդակութեան ձեռք երկարեց Լիբանանէն մինչեւ Արցախ, հակառակ համաճարակին պարտադրած սահմանափակումներուն։
Համայնքին մէջ հիմնարկութեան գործունէութեան մասին զեկուցեց հիմնարկութեան վարչութեան անդամ Կարօ Իսփէնճեան, իսկ Արցախի պատերազմէն տուժածներուն 100,000 տոլարի աջակցութիւն հասցնելու առաքելութեան մասին խօսեցաւ հիմնարկութեան անդամ Շահէն Տէրտէրեան։
Հիմնարկութիւնը նաեւ կը գործակցի Հայ կրթական հիմնարկութեան հետ, Արցախի մէջ վնասուած դպրոցներ վերակառուցելու համար։
Հայ մշակութային հիմնարկութեան երկար տարիներու բարերար եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան փոխատենապետ Փիթըր Բաղդասարեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց նշեալ գործակցութեան մասին՝ բացատրելով, որ Հայ մշակութային հիմնարկութեան 25,000 տոլարի աջակցութիւն մը որքանով կը նպաստէ Արցախի դպրոցները վերաշինելու աշխատանքին։
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցաւ երգիչ Արաքսիա Ամիրխանեան՝ ընկերակցութեամբ Սուրէն Աւոյեանի։