ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջին օրերուն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) մէջ արձանագրուեցան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւններու քաղաքացիներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ուղղուած հեռաձայնային կապեր: Այս մասին հաղորդագրութիւն մը տարածեց Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը.
«Եւս մէկ անգամ կոչ ենք անում բացառապէս զերծ մնալ նմանատիպ կասկածելի հեռախօսազանգերին պատասխանելուց եւ անմիջապէս դիմել ԱՀ ԱԱԾ: Միաժամանակ յորդորում ենք զերծ մնալ ապազգային գործելաոճից, չշահարկել ու բաց հարթակներում քննարկման առարկայ չդարձնել այդօրինակ լուրերը, որոնց նպատակը Արցախի բնակչութեան մէջ վախի ու ապագայի հանդէպ անորոշ մթնոլորտի ստեղծումն է», կը նշուի ԱԱԾի հաղորդագրութեան մէջ: