ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը վերջնականացուց Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները, ըստ որոնց, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ընտրողներուն 53.91 առ հարիւր ձայները, «Հայաստան» դաշինքը՝ 21.09 առ հարիւրը, իսկ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 5.22 առ հարիւրը:
Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան՝ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած յանձնախումբի արտահերթ նիստին: Ան նաեւ ներկայացուց Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քուէարկութեան նախնական արդիւնքներուն վերաբերեալ կազմուած արձանագրութիւնը: Ըստ անոր՝ ընտրողներու ցանկին վրայ ընդգրկուած ընդհանուր թիւը 2,591,316 է: Քուէարկութեան մասնակցողներու ընդհանուր թիւը՝ 1,281,997 կամ 49.39 առ հարիւր: Անվաւեր քուէաթերթիկներու թիւը՝ 4593:
Այնուհետեւ ան ներկայացուց կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներու կողմ քուէներուն թիւերը՝ «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւն՝ 3914 կամ 0.31 առ հարիւր, «Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւն՝ 19,691 կամ 1.54 առ հարիւր, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւն՝ 688,761 կամ 53.91 առ հարիւր, «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութիւն՝ 4619 կամ 0.36 առ հարիւր, «Ազատութիւն» կուսակցութիւն՝ 1844 կամ 0.14 առ հարիւր, «Պատիւ ունեմ» դաշինք՝ 66,650 կամ 5.22 առ հարիւր, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութիւն՝ 964 կամ 0.08 առ հարիւր, «Համահայկական ազգային պետականութիւն» (ՀԱՊ) կուսակցութիւն՝ 803 կամ 0.06 առ հարիւր, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն՝ 15,591 կամ 1.22 առ հարիւր, «Մեր տունը Հայաստանն է» կուսակցութիւն՝ 12,149 կամ 0.95 առ հարիւր, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն՝ 38,758 կամ 3.03 առ հարիւր, «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւն՝ 13,130 կամ 1.03 առ հարիւր, «Ազատ հայրենիք» դաշինք՝ 4119 կամ 0.32 առ հարիւր, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն՝ 50,444 կամ 3.95 առ հարիւր, Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութիւն՝ 5020 կամ 0.39 առ հարիւր, «5165 ազգային պահպանողական շարժում» կուսակցութիւն՝ 15,549 կամ 1.22 առ հարիւր, «Քաղաքացու որոշում սոցիալ դեմոկրատական» կուսակցութիւն՝ 3775 կամ 0.3 առ հարիւր, «Շիրինեան-Բաբաջանեան ժողովրդավարներու դաշինք»՝ 19,212 կամ 1.5 առ հարիւր, «Ազգային օրակարգ» կուսակցութիւն՝ 719 կամ 0.06 առ հարիւր, «Վերելք» կուսակցութիւն՝ 1233 կամ 0.1 առ հարիւր, «Ազատական» կուսակցութիւն՝ 14,936 կամ 1.17 առ հարիւր, «Հայաստանի Եւրոպական» կուսակցութիւն՝ 2440 կամ 0.19 առ հարիւր, «Հայաստան» դաշինք՝ 269,481 կամ 21.09 առ հարիւր, «Ազգային-ժողովրդավարական բեւեռ» համահայկական կուսակցութիւն՝ 18,976 կամ 1.49 առ հարիւր, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութիւն՝ 3915 կամ 0.31 առ հարիւր։ Անվաւեր քուէները 973 են:
Նոյն նիստին յանձնախումբը մերժեց «Հայաստան», «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու եւ «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութեան դիմումները՝ 20 Յունիսի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները անվաւեր նկատելու վերաբերեալ:
Տիգրան Մուկուչեան նշեց, որ ընտրութիւնները կրնան անվաւեր նկատուիլ միայն այն պարագային, երբ խախտումները կ՛ազդեն ամբողջ ընտրական գործընթացին եւ վերջնական արդիւնքներուն վրայ: «ԿԸՅում նման տուեալներ չեն գրանցուել, ինչը նշանակում է, որ մենք չենք կարող անվաւեր ճանաչել ընտրութիւնները», յայտնեց ան:
Մուկուչեան նաեւ յայտարարեց ապագայ խորհրդարանին մէջ աթոռներու բաշխման մասին: Այսպէս՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը կը ստանայ 71 պատգամաւորական աթոռ, «Հայաստան» դաշինքը՝ 29, իսկ «Պատիւ ունեմ»ը՝ 7։
28 Յունիսին «Պատիւ ունեմ»ը յայտարարեց, որ պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան՝ մերժելով ընտրութեան արդիւնքները։