ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է, կը հաղորդէ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք ներկայիս կը գտնուինք յետ-հակամարտութեան զարգացման փուլի մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի տագապը լուծուած է, եւ այս հարցին շուրջ բանակցելու կարիք չկայ», ըսաւ Ալիեւ՝ Պաքուի մէջ ընդունելով Ռումանիոյ, Աւստրիոյ եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարները:
Ալիեւ շեշտեց, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն ստորագրած եռակողմ յայտարարութիւնը միայն զինադադարի համաձայնագիր չէ:
«Ով որ կարդայ այս փաստաթուղթը, պիտի տեսնէ, որ անիկա կ՛ընդգրկէ շատ այլ հարցեր: Մենք պէտք է մտածենք յետ-հակամարտութեան կացութեան մասին: Մենք շրջեցինք այս էջը եւ պատրաստ ենք յառաջ երթալու եւ նպաստելու շրջանային կայունութեան», ըսաւ ան:
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի համաձայնին Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու:
«Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛անտեսէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ մեր բոլոր յայտարարութիւնները: Սակայն հաւանական է, որ նախընտրական կացութիւնը չնպաստեց նման յայտարարութիւններու: Սակայն հիմա, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք, մենք դրական արձագանգի յոյս ունինք», ըսաւ Ալիեւ, «մոռնալ»ով այն իրողութիւնը, որ իր ուժերը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի հողերուն մէջ եւ թէ Պաքու կը շարունակէ բանտարկուած պահել հայ գերիները, որոնք ամիսներ առաջ պէտք է վերադարձուէին։
Միւս կողմէ, Ալիեւ պնդեց, որ արցախեան երկրորդ պատերազմը անխուսափելի էր «Հայաստանի ղեկավարութեան սադրիչ յայտարարութիւններէն ետք»: Ըստ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքին՝ Ալիեւ աւելցուց, թէ «վերջերս տեղի ունեցած ամէն ինչին համար պատասխանատու է Հայաստանի կառավարութիւնը, որ ձեռնարկած է բազմաթիւ սադրիչ քայլերու, գործողութիւններու եւ հրահրած պատերազմը»:
«Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հրապարակաւ յայտարարած էր, որ Հայաստան նոր տարածքներու համար նոր պատերազմի կը պատրաստուի, ինչ որ բացայայտ սպառնալիք էր Ատրպէյճանի համար: Հայաստանի վարչապետը յայտարարած էր, որ բանակցութիւններուն պէտք է մասնակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը: Իրականութեան մէջ անիկա ո՛չ միայն մեր շահերուն դէմ էր, այլ նաեւ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի եւ անոր համանախագահներուն կողմէ մշակուած ձեւաչափին: Հայաստանի ղեկավարութեան մէկ այլ սադրիչ յայտարարութիւնը այն էր, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ»: Ասիկա փաստացիօրէն վերջ դրաւ որեւէ բանակցութեան», ըսաւ Ալիեւ: