
Արա քէնտիրճեան

ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղը, հեռու ըլլալով հանդերձ միւս մասնաճիւղերէն, միշտ եղած է ժրաջան եւ իր աշխատանքով փայլեցուցած է ՀՄԸՄի անունը։ Անիկա ունի ֆութպոլի խումբ, առաջնորդած է «Նաւասարդեան» խաղերը իր շեփորախումբով, եւ մարզական ու սկաուտական խումբերով հպարտօրէն միշտ ներկայ եղած է շրջանային խաղերուն եւ բանակումներուն։ Այսօր, անիկա նոր բարձունք մը կը նուաճէ ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ։
Կիրակի, 12 Յունիսը բացառիկ օր էր «Ասպարէզ» Հայ կեդրոնի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» սրահին մէջ։ «Սասուն» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ սկաուտական կազմը կազմակերպած էին տարեկան աստիճանատուչութեան տարեկան հանդէսը։ Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեան աղօթքով օրհնեց ներկաները։ Մասնաճիւղի խմբապետուհի Լիզա Փանոսեան կարգի հրաւիրեց սկաուտական խումբը։ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի փոխխմբապետուհի Կարինէ Գնտոյեան տեղեկութիւններ տուաւ Eagle Scout եւ Wood Badge շքանշաններուն մասին։ Ապա ան հրաւիրեց Սարին Փանոսեանը եւ անոր շնորհեց Wood Badge-ի աստիճանը։ Վարչական Երջանիկ Օհանեան Eagle Scout կարգ շնորհեց երկու արժանի քոյրերու՝ Քարինա Մսրլեանին եւ Սեւանա Վասիլեանին ու շնորհաւորեց զանոնք այս բացառիկ յաջողութեան համար։
Այս առթիւ Ա․ կարգի աստիճաներ ստացան նաեւ սկաուտներ, ընդունուեցան նոր ընծաներ եւ տեղի ունեցաւ սկաուտական խոստումի արարողութիւնը։

Խօսք առաւ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան։ Ան յիշեց իր պատանեկութեան տարիները Հալէպի մէջ, երբ ինք եւս սկաուտ էր։ Ան շնորհաւորեց իւրաքանչիւրը եւ շեշտեց ՀՄԸՄի կարեւոր դերը Ֆրեզնոյի գաղութին մէջ։ Խօսք առաւ նաեւ մասնաճիւղի ատենապետ Վաչէ Վասիլեան, որ իր կարգին շնորհաւորեց բոլորը եւ շեշտեց ՀՄԸՄի նշանաբանը ու յիշեցուց սկաուտներուն, որ իրենք եւս բարձրացնեն իրենց եղբայրները եւ քոյրերը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վստահած են իրենց զաւակները ՀՄԸՄին։
Քարինա Մսրլեան եւ Սեւանա Վասիլեան կը հանդիսանան ՀՄԸՄի Միացեալ Նահանգներու իգական սեռի առաջին սկաուտները, որոնք կը նուաճեն BSA-ի Eagle Scout կարգը։ Ահաւասի՛կ, ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի եւ ընդհանուր ՀՄԸՄի բարձր նուաճում մը, որ բոլորիս հպարտանքն է։
Այս օրերուն, երբ հայրենիքը եւ Սփիւռքը կը գտնուին տագնապալի օրերու մէջ, նման յաջողութիւն մը յոյս եւ յարատեւութիւն կը ներշնչեն։ Ինչպէս հարիւրամեակ մը շարունակ եւ միշտ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով, անդամները բաժնուեցան իրարմէ։
«Յառաջ, յառաջ անսասան, յառաջ անդեդեւ, դէպի յաղթանակ, յաղթանակ»։