Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ պատասխանատուութեամբ` Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի, նախորդ տարուան Յունիս ամիսէն սկսեալ առաջնորդարանի Համբար Ընտանիքի սրահին մէջ մեկնարկեց «Սերունդները Կամրջող» հոգեւոր դասընթացքներու շարքը, որ բաղկացած էր քառասուն դասախօսութիւններէ: Թեմի Քրիստոնեական դաստիարակութեան կեդրոնի վարիչ Մաշտոց Չօպանեան եւ Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Հայկ Մադոյեան իրենց դասախօսութիւններով նոր շունչ եւ հոգեւոր մեծ սնունդ մատակարարեցին հաւատացեալներուն եւ յատկապէս երիտասարդութներուն, որոնք ամենայն սիրով ներկայ եղան` զօրանալու համար հոգեւոր գիտելիքներով եւ Աստուծոյ խօսքով:
9 Յունիսին, դասընթացքին առաջին շրջանը աւարտեցաւ: Այս մէկ տարուան ընթացքին շաբաթական հերթականութեամբ` հաւատացեալներու եւ օրէ օր շատցող երիտասարդներու մասնակցութեամբ` ամէն Չորեքշաբթի երեկոյեան կը կատարուէր հոգեւոր սերտողութեան դասընթացքներ, որոնք առաւելաբար կ՛ընդգրկէին Աստուածաշունչի համեմատական եւ խորհրդանշական իմաստներու մեկնութիւն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վարդապետութեան ուսուցում:
Առաջնորդը դասընթացքի առաջին շրջանի փակման օրը մասնակցողներուն փոխանցեց իր հայրական խրատը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց դասախօսութիւններու պատասխանատու Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանին եւ դասախօսներուն` Մաշտոց Չօպանեանին եւ Հայկ Մադոյեանին, որոնք յանձնառու եղան կեանքի կոչելու այս առաքելութիւնը մանաւանդ համաճարակի ծանր օրերուն:
Ապա սրբազանը իր օրհնութիւնը եւ գնահատանքը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն, ինչպէս նաեւ համաճարակին պատճառով ձեռնարկին առցանց հետեւողներուն, այս գեղեցիկ ծրագիրին իրենց մասնակցութեան համար, որ նոր թափով եւ ուժով պիտի շարունակուի: