Թրքական Timeturk լրատուական կայքը հրապարակեց ուշագրաւ յօդուած մը հայկական մշակոյթին եւ մասնաւորապէս գինեգործութեան մասին: Նախ անիկա պատմական ակնարկով տեղեկութիւններ կը յայտնէ առաւել քան 5 հազար տարի առաջ հայ ժողովուրդի ձեւաւորման մասին:

Այնուհետեւ թրքական աղբիւրը յղում կը կատարէ բրիտանական The Telegraph պարբերականին, որուն մէջ անդրադարձ կայ հայկական գինեգործութեան՝ նշելով. «Հայերը գինեգործութեամբ զբաղող ամէնէն հին ազգն են աշխարհի վրայ: Իբրեւ ապացոյց՝ բրիտանական թերթը կը նշէ, որ «Արենի 1» քարանձաւային համալիրին մէջ յայտնաբերուած են 6000 տարուան վաղեմութիւն ունեցող գինեգործութեան հետքեր: Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ հայերը քրիստոնէութիւնը իբրեւ պաշտօնական կրօն ընդունած առաջին ազգն են: Հայաստանի մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վանքեր կան ու դժուար է որոշել, թէ անոնցմէ որն է ամէնէն հոյակերտը»:
Յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանէն դուրս կ՛ապրին աւելի շատ հայեր, քան երկրին մէջ: «1915ին տեղի ունեցած դէպքերը միլիոնաւոր հայերու ստիպած են գաղթել այլ երկիրներ, ապա այդ երկիրներուն մէջ կազմուած են հայկական մեծ համայնքներ», կը գրէ TimeTurkը՝ ընդգծելով, որ Հայաստանէն դուրս կը բնակին առնուազն 5.6 միլիոն հայեր:
«Հայաստան Շէրի, Անտրէ Աղասիի, Սերժ Թանգեանի, Քարտաշեանի նման յայտնի անձերու հայրենիքն է: Հայաստանի մէջ կը հաւատան, որ Նոյի տապանը կանգ առած է Արարատի գագաթին: Այժմ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Արարատ լեռը Հայաստանի ազգային խորհրդանիշներէն մէկն է եւ կը համարուի սուրբ լեռ»:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հայաստանի մայրաքաղաքը աշխարհի ամէնէն հին քաղաքներէն է՝ 29 տարիով աւելի վաղեմի Հռոմէն: Իսկ հայկական լաւաշ հացը ատձանգրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական մշակութային արժէքներու ցանկին վրայ:
«Հայկական քոնեաքը համտեսած անձերուն մէջ է Մեծ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլ: ԽՍՀՄի առաջնորդ Ժոզէֆ Ստալին Համաշխարհային Բ. ժատերազմի տարիներուն տասնեակ արկղերով հայկական քոնեաք կ՛ուղարկէր Չըրչըլին: Նոյնիսկ վարկած կայ, որ Եալթայի խորհրդաժողովի արդիւնքները մեծ չափով եղած են հայկական քոնեաքին եւ գինիին ազդեցութեամբ, կը գրէ The Telegram-ը՝ աւելցնելով. «Չըրչըլ, Ստալին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվելթ պատերազմէն ետք Եւրոպայի զարգացման ուղիները քննարկելու նպատակով հանդիպեցան Խրիմի մէջ: Եալթայի խորհրդաժողովի դրական արդիւնքը ապահովուեցաւ հայկական քոնեաքին եւ գինիին շնորհիւ: Չըրչըլի օգնականներէն մէկը յետագային պատմած էր, որ վարչապետը այնքան շատ կովկասեան խմիչքներ խմած էր, որ ոեւէ խելամիտ մարդ կրնար մեղմացնել»: