ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անցեալ Դեկտեմբերին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի գործունէութիւնը 15 տարբեր ոլորտներու մէջ արժեւորելէ ետք, հասած էր այն եզրակացութեան, որ դեսպանը իր առաքելութեան մէջ ձախողած է, արժանանալով վատագոյն՝ D եւ F նիշերը։
Նկատի ունենալով, որ այդ թուականէն ի վեր դեսպանին գործունէութեան մէջ յատկանշական յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կոչ ըրաւ՝ պաշտօնազրկելու դեսպանը, որպէսզի կարելի ըլլայ Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանը աւելի լաւ կերպով պաշտպանող դեսպան մը նշանակել այդ պաշտօնին։
«Ինչպէս յստակացուցած էինք անցեալ տարուան վերջաւորութեան, Հայ Դատը կը փափաքի, որ Միացեալ Նահանգները ազդու եւ կարող դեսպան մը ունենայ Հայաստանի մէջ, սակայն այժմու դեսպանը ձախողութեան վրայ ձախողութիւն կը կուտակէ», կը յայտնէ Համբարեան։
Ըստ Հայ Դատի նոր արժեւորումին՝ Թրէյսի ձախողեցաւ հետեւեալներուն մէջ՝ ստանալով համապատասխան նիշը․
– Հայ-ամերիկեան ռազմավարական յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակին մէջ՝ F
– Հայաստանի մէջ ամերիկեան ներդրումներ քաջալերելու ջանքերուն մէջ՝ F
– Հայ-ամերիկեան ռազմական յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակին մէջ՝ F
– «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» ծրագիրով Հայաստանին նպաստ ապահովելու ջանքին մէջ՝ F
– Կրկնակի տուրքերէ զերծ Ամերիկա-Հայաստան համաձայնագիր մը գոյացնելու աշխատանքին մէջ՝ F
– Ամերիկա-Հայաստան ընկերային ապահովութեան համաձայնութիւն ապահովելու գործին մէջ՝ F
– Հայաստան եւ Արցախ քոնկրեսական պատուիրակութիւններ ղրկելու ջանքերուն մէջ՝ D
– Ամերիկացի կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու Հայաստան այցելութիւններ ապահովելու ջանքերուն մէջ՝ F
– Հայաստանի քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն աջակցութիւն՝ D
– Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին հակադարձութեան մէջ՝ F
– Ատրպէյճանի յարձակումէն տուժածներուն նպաստ ապահովելու ջանքին մէջ՝ F
– COVID-19 համաճարակին դէմ Հայաստանի ջանքերուն նպաստելուն մէջ՝ D
– Արցախի ականազերծման աջակցելու ջանքին մէջ՝ F
– Ամերիկահայութեան հետ յարաբերութիւններ՝ F
– Սփիւռքէն մարդասիրական աջակցութիւն առաքելու գործին համագործակցութիւն՝ D
– Մէկ դարեայ Ամերիկա-Հայաստան բարեկամութեան ամրապնդումին մէջ՝ F։