ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն նկատեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, իբր թէ հայկական ստորաբաժանումները ռմբակոծեցին ատրպէյճանական դիրքեր: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Ըստ աղբիւրին` հայկական ստորաբաժանումները ոչ թէ ռմբակոծեցին Ատրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող մարտական դիրքերը, այլ միջոցներու ձեռնարկեցին` Հայաստանի սահմանային հատուածին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ կատարուող ճարտարագիտական աշխատանքները դադրեցնելու համար:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ 11 Յունիսին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը անգամ մը եւս փորձեցին ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնել Գեղարքունիքի մարզի Կութ գիւղի սահմանային հատուածին մէջ, ուստի հայկական ստորաբաժանումները դիմեցին հակազդելու գործողութիւններու, որոնց պատճառաւ ատրպէյճանական կողմի աշխատանքները դադրեցան։