
ԼԻԶԱ ԿԱՊՈՒՏԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 14 Մարտ 1951ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Լիզա Կապուտեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 6 Յունիս 2021ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 14 Յունիս 2021ին, առաւօտեան ժամը 10։00ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Մարտիկ Կապուտեան
Զաւակը՝ Վան եւ Գարուն Կապուտեան
Զաւակը՝ Հրակ եւ Լիսա Կապուտեան եւ զաւակները՝ Կարս, Վայք եւ Արդօ
Քոյրը՝ Արփի եւ Աշոտ Անտոնեան եւ դուստրը՝ Ալին
Եղբայրը՝ Րաֆֆի եւ Մարալ Սարգիսեան եւ զաւակը՝ Արմէն
Ներերը՝ Նուէր Կապուտեան եւ Լուսին Մելիքեան
Քրոջ զաւակները՝ Անի եւ Ֆատի Քէրիօ-Kerio
Արտա եւ Ներսէս Թաշճեան եւ զաւակները
Եղբօր դուստրը՝ Լոռի եւ Ճանի Կուվճէհիզեան եւ զաւակները
Տագրոջ զաւակները՝ Մարօ եւ Շանթ Կուրտիկեան եւ զաւակը
Սեդա եւ Աբօ Չորպաճեան եւ զաւակները
Արամ եւ Լորա Կապուտեան եւ զաւակը
Յովիկ եւ Նինելիա Կապուտեան եւ զաւակները
Վահէ եւ Լիլի Կապուտեան եւ զաւակները
Մօրեղբօր զաւակները՝ Ռիթա եւ Ալէն Կոլտըսթին եւ զաւակը
Մատլէն Արպիտ եւ զաւակները
Մայքըլ եւ Անիթա Շիրոյեան եւ զաւակները
Հօրեղբօր զաւակները՝ Վիլմա Պետրոսեան եւ զաւակները
Քրիսթըֆըր Մասարօ եւ զաւակները
Հէրի եւ Նելլի Սքոպըլ-Scoble եւ զաւակները
Ալ եւ Գարմէն Ֆուհըս-Fuchs եւ զաւակները
Խնամիները՝ Վիգէն եւ Նորա Աբոշեան եւ զաւակը
Ռազմիկ եւ Արփի Ղարախանեան եւ զաւակը
Եւ համայն Կապուտեան, Անտոնեան, Սարգիսեան, Շիրոյեան, Ստեփանեան եւ Մելիքեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ազգային Առաջնորդարանի Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի «Լիզա Կապուտեան» Հայագիտական հիմնարկութեան ֆոնտին, որ հիմնուած է Լիզա Կապուտեանի յիշատակին՝ հայ ուսուցիչներու պատրաստութեան համար։
ԼԻԶԱ ԿԱՊՈՒՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն եւ կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն` իրենց ընկերներէն Մարտիկ Կապուտեանին, զաւակներուն՝ իրենց ըներներէն Վան եւ Հրակ Կապուտեաններուն, եղբօր՝ իրենց ընկերներէն Րաֆֆի Սարգիսեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ԼԻԶԱ ԿԱՊՈՒՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի եղբօր՝ յանձնախումբի անդամներէն Րաֆֆի Սարգիսեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԼԻԶԱ ԿԱՊՈՒՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը եւ իր բոլոր մասնաճիւղերը իրենց խորագաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամներէն Մարտիկ Կապուտեանին, եղբօր՝ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նախկին ատենապետ Րաֆֆի Սարգիսեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԼԻԶԱ ԿԱՊՈՒՏԵԱՆի՝ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետուհիին, մահուան տխուր առիթով, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի եւ ՀՕՄի «Մարի Փոստոյեան» մանկամսուրի տնօրէնութիւնները, ուսուցչական կազմերը, պաշտօնէութիւններն ու խնամակալ մարմինը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մարտիկ Կապուտեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԼԻԶԱ ԿԱՊՈՒՏԵԱՆի՝ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետուհիին, մահուան տխուր առիթով, Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմն ու յարակից մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մարտիկ Կապուտեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԼԻԶԱ ԿԱՊՈՒՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մարտիկ Կապուտեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազանտերուն։
ԼԻԶԱ ԿԱՊՈՒՏԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, ընկերային ծառայութիւններու եւ հոգեբանական գրասենեակներու տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, եղբօր, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։