ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճան Հայաստանի հետ սահմանին տիրող իրավիճակին առիթով դիմած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշին:
ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Եաշար Ալիեւի պնդումով՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչները կը զբաղին սահմանի յստակեցումով՝ «կողմերուն տրամադրութեան տակ գտնուող պաշտօնական քարտէսներու հիման վրայ»: Ըստ անոր՝ մինչ Ատրպէյճան «միջազգային գործընկերներուն տրամադրած է անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնները, Հայաստան կը շարունակէ մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը»:
Ըստ Ալիեւի՝ Պաքու «որեւէ երկրի տարածքի նկատմամբ յաւակնութիւններ չունի…»։