
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ Լիզա Կապուտեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 6 Յունիս 2021ին, Լոս Անճելըսի մէջ: Լիզա Կապուտեան եղած է երկար տարիներու դաստիարակ, որ գործեց՝ իբրեւ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի ղեկավար եւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ:
Իր բոլոր անդամներուն կողմէ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն իր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանիքին, ազգականներուն, ընկերներուն եւ պաշտօնակիցներուն:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ