ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին այցելեց Սիւնիքի մարզը:
Ռուսական դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարը ծանօթացաւ Գորիս-Կապան մայրուղիի (Որոտան, Շուռնուխ) սահմանային հատուածին մէջ տեղակայուած անցակէտերուն վրայ ռուս եւ հայ սահմանապահներուն ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ լուծուող հարցերու առանձնայատկութիւններուն:
Դեսպանութենէն կը հաղորդեն, որ Կապանի քաղաքապետը դեսպանին ներկայացուց քաղաքին ընկերային-տնտեսական իրավիճակը: