ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Աշխատանքային այցելութեամբ Ղազախստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ երկրին գործող նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւի եւ առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի հետ:
Սարգսեան ու Նազարպաեւ միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութիւններուն ու կարելիութիւններուն, բազմակողմանի հարթակներու վրայ, մասնաւորաբար Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին հրատապ հարցերուն շուրջ: Նախագահ Սարգսեան մասնաւորաբար անդրադարձաւ յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ ի յայտ եկած մարտահրաւէրներուն եւ ծագած մարդասիրական հարցերուն:
Ղազախստանի նախագահին հետ զրոյցին առանցքը հանդիսացան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային իրավիճակին վերաբերող հարցեր: